image

Արժանթինահայ Լուգաս Պալեան Քորտոպայի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ

Արժանթինահայ Լուգաս Պալեան Քորտոպայի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ

Երիտասարդ քաղաքական գործիչ, արժանթինահայ Լուգաս Պալեան, որ Արմատական Քաղաքացիական կուսակցութեան անդամ է եւ մաս կազմած է «Միասին յանուն Քորտոպայի» ընտրական դաշնութեանայսօր, Քորտոպայի մէջ տեղի  ունեցած անդամերդման արարողութեան մասնակցելով դարձած է քաղաքային խորհուրդի անդամ: Այս մասին կը յայտնէ «Տիարիօ Արմէնիա» կայքը, նշելով, որ երդման արարողութիւնը տեղի  ունեցած է նահանգային մայրաքաղաքի նստավայրին մէջ, ուր Պալեան իր գործունէութիւնը պիտի  ծաւալէ 2015-2019 թուականներուն:
Փոխանցելով Պալեանի մասին որոշ կենսագրական տուալներ, կարելի է նշել, որ Լուգաս Լէոնարտօ Պալեան ծնած է Քորտոպայի մէջ 24 յունուար 1976-ին: 2000 թ. ստացած է Քորտոպայի կաթոլիկ համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու արտօնագիր: Մագիստրոսի կոչում  ստացած է պետական կառավարման ազգային համալսարանէն, քաղաքականութեան դասաւանդման ազգային համալսարանէն, կառավարման ազգային դպրոցէն, ինչպէս նաեւ Թրեխօ եւ Սանապրիա համալսարանական քոլեջի լրագրողական դպրոցէն` ստանալով քաղաքական լրագրողի վկայական:
Ներկայիս Պալեան կ’ուսանի «Վիյա Մարիա»ի անուան ազգային համալսարանի անվտանգութեան քաղականութեան բաժինի մագիստրատուրական բաժնին մէջ:
2004-2006 թթ. եղած է նահանգային արմատական երիտասարդական կոմիտէի նախագահ: Եղած է նաեւ «Վիյա Մարիա»ի անուան ազգային համալսարանի անվտանգութեան բաժինի դասախօս  եւ մասնակցած է բազում սեմինարներու նշուած բարձրագոյն կրթական հաստատութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ:
Բացի իր քաղաքական գործունէութենէն, Լուգաս Պալեան 2014 թուականէն կը հանդիսանայ Քորտոպայի հայ համայնքի տնօրէններու խորհուրդի անդամ:
2015-ի Դեկտեմբեր 30-ին Լուգաս Պալեան Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է տարուան եզրափակիչ ձեռնարկին, ուր ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ամփոփումը Քորտոպայի եւ աշխարհի մէջ:

 

Նիւթի աղբիւր՝ HorizonWeekly