image

Թուրքիոյ մէջ «Ֆեթոյականներ»ու որսը կը շարունակուի

Թուրքիոյ մէջ «Ֆեթոյականներ»ու որսը  կը շարունակուի

Պոլսոյ դատախազութիւնը 176 զինուորականներու ձերբակալութեան հրաման տուած է, որոնք կը կասկածուին Թուրքիոյ մէջ արգիլուած «Ֆեթոյականներու ահաբեկչական կազմակերպութեան» (FETO) մասնակցութեան մէջ: Այս մասին կը յայտնէ Անատոլու գործակալութիւնը:

Կասկածեալներուն մէջ կան բարձրաստիճան զինուորականներ՝մէկ գնդապետ, երկու փոխգնդապետ, 5 մայոր, 7 քափիթան, 100 աւագ լէյտենանտ, 18 լէյտենանտ: 

15 յուլիս, 2016 թուականին, Թուրքիոյ ԶՈՒ խումբ մը զինուորներ եւ սպաներ նախաձեռնած էին պետական յեղաշրջման փորձ մը: Հիմնական դիմակայութիւնը ծաւալուած էր Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ. զոհուած էր 250 հոգի:

Անգարան FETO-ն կը մեղադրէ խռովութիւն կազմակերպելու մէջ: Մինչեւ հիմա FET0ին օժանդակելու համար դատապարտուած են հազարաւոր մարդիկ: