Երէկ Մոնթէնեկրոյի Հերցէկ Նովի քաղաքին մէջ կայացած միջազգային ժողովրդական երգ ու պարի փառատօնի ժամանակ հայկական «Կովկաս» պարային համոյթի ելոյթը ատրպէյճանական ու թրքական դրօշներով որոշ մարդիկ փորձած են ձախողցնել։
պահուածքը աւելի ոգեւորած է երեխաները, որոնք յուզուած ու միահամուռ աւելի գեղեցիկ ներկայացուցած են մեր երկիրը։ Անկէ ետք ոստիկանութիւն կանչած են, աքթիւիսթներու մէկ մասը բերման ենթարկուած է, մնացածը` փախուստի դիմած են։
«Երեխաները ապահով են։ Ոստիկանութիւնն ուղեկցեց մասնակիցներին։ Միջադէպը եւս մէկ անգամ ապացուցում է մեր արեւելեան հարեւանների ակրեսիւ պահուածքը, որոնք ամէն ինչ փորձում են քաղաքականացնել՝ հաշուի չառնելով երեխաներին եւ արուեստի բարձրագոյն արժէքները։ Ապրենք հայերս եւ «Կովկաս» պարային համոյթը։ Քոչարին հայկական պար է»,–գրած է Պօղոսեանը։
Յիշեցնենք, որ 2017–ի 6 դեկտեմբերին Հարաւային Քորեայի մէջ ընթացող ԵՈւՆԵՍՔՕ-ի Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով միջկառավարական կոմիտէի 12-րդ նստաշրջանին որոշում կայացուած էր Հայաստանի ներկայացուցած «Քոչարի, աւանդական խմբապար» ("Kochari, traditional group dance") յայտը ընդգրկել Մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ: