image
Հրատապ լուրեր:

Հայ աշակերտները փայլուն արդիւնքներ գրանցած են Թէլ Աւիւի մէջ

Հայ աշակերտները փայլուն արդիւնքներ գրանցած են Թէլ Աւիւի մէջ

Հայաստանի խումբը Յուլիս 7-15-ը Թէլ Աւիւի մէջ տեղի ունեցած բնագիտութեան առարկայի միջազգային ողիմպիականին նուաճած է 5 պրոնզէ մետալ:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութենէն յայտնած են, որ մետալներու արժանացած են Ա. Շահինեանի անուան ֆիզմաթ դպրոցի աշակերտներ Եւա Հունանեանը, Դաւիթ Զոհրապեանը, Քրիսթինէ Գրիգորեանը, Հայկ Մուրատեանը եւ Դաւիթ Կիրակոսեանը։

Հայաստանի խումբը ղեկավարած են բնագիտութեան հանրապետական ողիմպիականի յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Գրիգորեանը եւ անդամ Պիլոր Կուրղինեանը։

Բոլոր մրցոյթները եղած են երկու փուլով՝ տեսական եւ փորձարարական։ 

Մասնակիցներու աշխատանքները գնահատած է միջազգային յանձնաժողովը:  

2018-ի ողիմպիականին ՀՀ դպրոցականներու խումբը արժանացած էր մէկ արծաթէ եւ մէկ պրոնզէ մետալի, ինչպէս նաեւ մէկ գովասանագրի։