image

Քալիֆորնիոյ մէջ մեծ երկրաշա՞րժ

Քալիֆորնիոյ մէջ մեծ երկրաշա՞րժ

Քալիֆորնիոյ վերջին երկրաշարժը, ընդամէնը սկիզբն է, աւելի աւերիչ երկրաշարժ կը սպասուի յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին, Քալիֆորնիոյ Վենդուրա քաղաքի մօտ: Այսպէս կանխատեսած է Սեյսմիկ եղանակի ընդհանուր վերահսկող եւ կանխատեսման միջազգային կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն, ՌԳԱ Երկրաբնագիտութեան հիմնարկի համագործակցային-կանխատեսման կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Սամուէլ Յակոբեանը,  «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Յուլիսի սկիզբները տեղի ունեցան երկու երկրաշարժներ Ռիճքրեսթ քաղաքի շրջանը, որոնք ամենահզօրն էին վերջին 25 տարիներու ընթացքին, 6,4 եւ  7,1 տարողութեամբ: 12 յուլիսին, նոյն շրջանին մէջ՝ 4,9 տարողութեամբ, մանաւանդ որ ամերիկեան քարտէզները մասնաւոր երկրաշարժային գործունէութիւն (Seismic activity) ցոյց չէին տար այս շրջանի մէջ: 6 եւ աւելի տարողութեամբ երկրաշարժերու  հաւանականութիւնը 1 տոկոս էր: Երկրաշարժերը տեղի ունեցած են ոչ թէ Սան Անտրիաս այլ դէպի արեւելք, ուր երբեք երկրաշարժ չէ եղած:

Այս սկիզբն է Քալիֆորնիոյ երկրաշարժային գործունէութեան: Այսպէս կը կարծէ Յակոբեան: Իր կարծիքով այս փոփոխութիւնները թոյլ տուած են հաշուելու թէ ուր եւ երբ պիտի ըլլայ ամենաուժեղ երկրաշարժը:

«Ամերիկացիք կը կարծեն թէ երկրաշարժը տեղի պիտի ունենայ Սան անտրիասի իջուածքին մէջ, մինչդեռ ես վստահ եմ, որ երկրաշարժը կը տեղաշարժուի դէպի Վենդուրա՝ Լոս Անճելոսի հիւսիս: Այս երկրաշարժը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երկու տարուայ ընթացքին 7,8-7,9 տարողութեամբ» ըսած է մասնագէտը: