image

Մոսկուայի Լիւբէրցի շրջանին մէջ ապահովական գործողութիւն. Ձերբակալուած է նաեւ Դեդ Հասանի թոռնիկը

Մոսկուայի Լիւբէրցի շրջանին մէջ ապահովական գործողութիւն. Ձերբակալուած է նաեւ Դեդ Հասանի թոռնիկը

Մերձմոսկովեան ոստիկանները Լիւբերցիի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ձեռբակալած են 32 մարդ, քրէական հեղինակութիւններու հաւաքի ժամանակ. ՌԴ ՆԳՆ մերձմոսկովեան գերատեսչութեան մամուլի ծառայութեան պետ՝ Թաթիանա Փեթրովան տեղեկացուցած է «Ինթըրֆաքս»-ին ։

Բոլոր ձերբակալուածներուն համար կազմուած են վարչական արձանագրութիւններ մանր գողութեան եւ ոստիկանութեան չհնազանդելու մասին։ Գործողութեան մասնակցած են Ռուսաստանի ՆԳՆ Գլխաւոր վարչութեան Մոսկուայի մարզի քրէական հետախուզութեան վարչութեան աշխատակիցները։

Մինչ այդ քրէական հեղինակութիւններու կալանման մասին «Ինթըրֆաքսին» տեղեկացուցած էր աղբիւրը, թէ անոր տուեալներով՝ ձեռբակալուածներուն մէջ  կայ Ասլան Ուսոյեանի (Դեդ Հասան) թոռը։

Ասլան Ուսոյեանը սպանուած է յունուար 2013 թուականին։ ՌՔԿ-ն հաստատած է «օրէնքով գող» Օլեկ Շիշկանովի ձեռբակալման տեղեկութիւնը, որ յայտնի է «Շիշկան» մականունով։

Շիշկանովը կասկածեալ է 2012-ին Ռամենսկի շրջանի օրէնսդիր ժողովի պատգամաւոր Թաթիանա Սիտորովայի եւ անոր հարազատներու առեւանգման եւ սպանութեան մէջ։