image

«Երիտասրդ երեւալու միջոցներ չեմ ձեռնարկած» Նունէ Եսայեան խօսեցաւ իր 50-ամեակին մասին

«Երիտասրդ երեւալու միջոցներ չեմ ձեռնարկած» Նունէ Եսայեան խօսեցաւ իր 50-ամեակին մասին

Երգչուհի Նունէ Եսայեանը լուսանկարներու նոր շարքով մը հանդէս եկած է, ուր պահապանած է իր դասական ոճը: Ան  տրամադրած է լուսանկարները Tert.am Life-ին:

Լուսանկարներուն մէջ 49 տարեկան երգչուհին իր տարիքէն շատ աւելի երիտասարդ կ'երեւի, ինչ որ քննարկումներու առիթ տուած է եւ նոյնիսկ ենթադրութեան՝ թէ ան կատարած է գեղեցկագիտական վիրահատութիւններ:

Երգչուհին անմիջապէս հերքած է այդ տարաձայնութիւնները,- «Երբեք որեւէ գեղեցկագիտական վիրահատութիւններու չեմ դիմած, ոչ քիթս, ոչ շրթունքներս, ոչ ալ այլ բան փոխած, ոչ աւելցուցած եմ ոչ ալ պակսեցուցած որեւէ բան իմ վրայ: Երիտասարդացնող միջոցներու չեմ դիմած, ոչ ալ կը պատրաստուիմ որեւէ փոփոխութեան»: Իսկ ինչ կը վերաբերի իր ձեռքի դաջուածքներուն՝ Հենրիի եւ Էլիզապէթի՝ իր զաւակներու անուններու սկզբնատառերն են, որոնք ըրած է 4 տարի առաջ:

Երգչուհիի տարեդարձը 5 օգոստոսին է, սակայն նկատի ունենալով թէ արձակուրդի շրջան է, ան պիտի տօնէ իր 50 ամեակը ինչպէս նաեւ իր բեմական գործունէութեան 30 ամեակը, 5 սեպտեմբերին, բացօթեայ մեծ խնճոյքով :

Իր յոբելինական համերգներու շարքի առաջինը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերին՝ Երեւանի համերգային դահլիճներէն մէկուն մէջ, երկրորդը՝ ապրիլին Քրեմլի մէջ, իսկ երրորդը՝ Լոս Անճելըսի մէջ, որուն թուականը տակաւին յստակ չէ:

Նունէն յայտնեց թէ Երեւանի համերգը բարեգործական է եւ հասոյթը պիտի նուիրուի ամբողջութեամբ պաշտպանութեան նախարարութեան:

Նունէն իր համերգի մասին խօսեցաւ, թէ դասական բնոյթով պիտի ըլլայ եւ ինք բեմին վրայ առանձին, միայն էքրանի ցուցադրութեամբ, պիտի երգէ իր 30 տարուայ երգացանկի ընտրանին:

 

: