image
Հրատապ լուրեր:

Արտակարգ դէպք Մոսկուայի օդակայանին մէջ. չեղարկուած է Մոսկուա-Երեւան թռիչքը

Արտակարգ դէպք Մոսկուայի օդակայանին մէջ. չեղարկուած է Մոսկուա-Երեւան թռիչքը

Nordwind օդանաւային ընկերութեան Մոսկուա-Երեւան թռիչքը իրականացնող Boeing 737 օդանաւը Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանին մէջ դադարեցուցած է թռիչքը՝ օդանաւի սրահին մէջ տարածուած ծուխի եւ հոտի պատճառով:

Այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Օդանաւի անձնակազմը դադրեցուցած է թռիչքը եւ թռիչքուղին ազատելէ ու շարժիչներն անջատելէ ետք վթարային ելքերով տարհանած է ուղեւորները»,-յայտնած են ընկերութենէն:

Թռիչքը սկսած է ժամը 01:00-ի մօտակայքը, սակայն մինչ օդանաւի օդ բարձրանալը ծուխ նկատուած է: Օդանաւի հրամանատարը զեկուցած է իրավիճակի մասին ու թռիչքը դադրեցնելու որոշում կայացուցած: Օդանաւին մէջ հրդեհ չէ առաջացած:

Boeing 737 օդանաւին մէջ գտնուած է 173 ուղեւոր եւ անձնակազմի 6 անդամ:

ՌԴ ԱԻՆ տուեալներով՝ օդանաւին մէջ գտնուած է 187 մարդ, որոնցմէ 8-ը տուժած են, 2-ը՝ հիւանդանոց տեղափոխուած:

Աւելի ուշ, ըստ «Ինթըրֆաքս»ի մէկ աղբիւրին, հաղորդուած է, որ օդանաւին մէջ երեւցած ծուխը արդիւնք էր շարժակներու մաքրման հեղուկի սխալ ուղղութեամբ ներառելուն: