image
Հրատապ լուրեր:

Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունած է Ուաշինկթընի մէջ «Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն» կատարուած աշխատանքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունած է Ուաշինկթընի մէջ «Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն» կատարուած աշխատանքը

Հինգշաբթի, 18 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» խմբաւորումի ատենապետ Թուֆիք Պաաքլինիի ուղղած խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յիշեալ կազմակերպութեան կողմէ կատարուած աշխատանքները՝ ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան:

Յայտնենք, որ երէկ՝ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս 2019-ին, նոյն կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսին  մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի հանդիպում մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան մասնակցեցան Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։

Նոյն օրը երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կազմակերպութեամբ միօրեայ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ խղճի ազատութեան առնչուած

Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս հրաւիրուած էր մասնակցելու յիշեալ երկու հաւաքներուն։

Նշենք, որ «Ի Պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն» խումբին նախագահի, շուրջ երկու ամիսներ առաջ, այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ խորհրդակցութիւն ունեցած էր Նորին Սրբութեան հետ յիշեալ ձեռնարկներուն գծով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր գործօն մասնակցութիւնը կը շարունակէ բերել խմբաւորումի աշխատանքներուն։