image
Հրատապ լուրեր:

Տիկին Մերքէլ «այլ կեանք»ի կը տենչայ...

Տիկին Մերքէլ «այլ կեանք»ի կը տենչայ...

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը հաստատած է, որ մտադիր չէ 2021 թուականին վարչապետի պաշտօնի ընտրութիւններուն մասնակցիլ եւ նշած է, որ իր ժամանակաշրջանը աւարտելէն ետք, պիտի ունենայ «այլ կեանք», լիարժէք ապրելու: Այս մասին խօսած է Մերքէլ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ, արձակուրդ առնելէն առաջ, այս մասին կը հաղորդէ Der Spiegel-ը:

Իսկ անդրադառնալով իր առողջութեան, ան ըսած է, որ կը հասկնայ հանրութեան հետաքրքրութիւնը իր առողջական վիճակով, բայց կը կարծէ թէ այդ արդէն անձնական հարց է: «Դուք գիտէք ինծի, ես կրնամ ընել այս աշխատանքը», ամփոփած է Մերքէլը :

«2021ին կ'աւարտեմ քաղաքական աշխատանքս, բայց կը յուսամ, որ այլ կեանքը զոր պիտի ունենամ, ապրիմ առողջ»,- ըսած է վարչապետը:

Իսկ լրագրողներու հարցումին, թէ ինչպէ՞ս են իր գործերը, Մերքէլ բաւարարուած է միայն «Լաւ» բառով: