Ալժիրցի երկրպագուները վնասած են Ֆրանսայի առաջին նախագահ Շարլ Տը Կոլի քանդակը: Ինչպէս կը յայտնէ Gazeta.ru-ն՝ յղում ընելով ֆրանսական ռատիոյին, երկրպագուները փրցուցած են պրոնզէ արձանի կօշիկներու մէկ մասը:
Կը նշուի, որ քանդակը Էւրէ քաղաքի մէջ տեղադրուած էր 18 յուլիսին: «Ինչպէս բոլոր բնակիչները, ես նոյնպէս ցնցուած եմ: Բացի անկէ, որ քանդակը վար նետած են, այն խորհրդանշական իմաստ կը պարունակէ: Զօրավար Տը Կոլն էր Ալժիրի անկախութիւնը հռչակողը: Շատ ցաւալի է, որ այդ կարգազանցները պատմութիւն չեն գիտեր»,- ըսած է Էւրէի քաղաքապետ Կի Լեֆրանը:
Կատարուածի առնչութեամբ հետաքննութիւն կ'իրականացուի:
Ալժիրի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 1:0 հաշուով յաղթանակ տարած է Սենէկալի հաւաքականի նկատմամբ Ափրիկեան ազգերու գաւաթի եզրափակիչին: Յաղթանակը երկրպագուները տօնելու համար դուրս եկած են ֆրանսական քաղաքներու փողոցներ: