image

Փայլան հարաւային Ամերիկա պիտի այցելէ

Փայլան հարաւային  Ամերիկա պիտի այցելէ

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր երկու պատգամաւորներ Էվրու Քունայը (քիւրտ) եւ Կարօ Փայլանը Օգոստոս 11-էն մինչեւ 24-ը պիտի այցելեն Հարաւային Ամերիկայի շարք մը երկիրներ։

HDP կուսակցութեան ներկայացուցիչները Արժանթինի, Պրազիլի, Չիլիի եւ Ուրուկուայի մէջ տարբեր քաղաքական հանդիպումներ պիտի ունենան եւ դասախօսութիւններ պիտի տան Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակի մասին եւ պիտի ներկայացնեն այն աշխատանքները, որ կը կատարուին մարդու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործի վերաբերեալ։

Երկու խորհրդարանականները բոլոր երկիրներուն մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։