Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, որ օրերս այցելած է Ուրուկուէյ, երէկ հանդիպում ունեցած է երկրի նախկին նախագահ Խոսէ Մուխիքայի հետ։
Ան, մասնաւորապէս, գրած է. «Այսօր մենք եղանք նախկին նախագահի այն համեստ տունը, ուր ան կ'ապրէր նաեւ իր նախագահութեան օրերուն։ Համեստ նախագահ մը՝ իր համեստ տան մէջ։ Ես մտաբերեցի մեր նախագահը, որ կ'ապրի հարիւրաւոր սենեակներ ունեցող իր շքեղ ապարանքին մէջ. անկեղծ ըսած՝ ամչցայ…»,- գրած է Փայլանը։