Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն դէպի Հայաստան մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչի մաքսանենգումը խափանուած է։ Այս մասին լուրը կը յայտնէ Պետական եկամուտներու կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Աղբիւրը նշած է թէ Մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները «Ագարակ» պետական սահմանային անցակէտը, Իրանէն Մեղրի հանրակառքով ժամանած Իրանի քաղաքացիի նստատեղիի տակէն յայտնաբերած են 102.09 կրամ թմրանիւթի նման սպիտակ, բիւրեղանման զանգուածներ: Զննութենէ ետք բացայայտուած է նաեւ 29.08 կրամ «հերոյին» տեսակի նման բաց շագանակագոյն զանգուած: Պետական եկամուտներու կոմիտէի աշխատակիցները թաքստոցէն յայտնաբերած են նաեւ առանց մակնիշի 53 դեղահատեր, որոնք ըստ Իրանի քաղաքացիին՝ թմրամիջոցներ են:
Յայտնաբերուած նիւթերը տրամադրուած են Պետական եկամուտներու կոմիտէի քննչական վարչութեան: Յարուցուած է քրէական գործ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացին ձերբակալուած է: