image

Պոլսոյ օդակայանին մօտ պայթում

Պոլսոյ օդակայանին մօտ պայթում

Քիչ առաջ Պոլսոյ մէջ մեծ պայթում մը որոտացած է: Այս մասին լուրը փոխանցեց BBC Arabic կայանը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ եղած պայթումին մասին հակասական տեղեկութիւններ կը փոխանցուին: Մինչ տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ պայթումը արդիւնք է հրանետային ռումբերու արձակման , այլ աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ եղածը արդիւնք է ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին: Կը նշուի նաեւ, որ պայթումը եղած է Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանի մերձ եղող Եէնի Պոսնիա թաղամասին մէջ գտնուող զինուորական կայանի մը մօտ եւ պայթումին արդիւնքով կան մարդկային տոյժեր: