image

Պայթում Պոլսոյ մէջ. Նախնական տուեալներով կան վիրաւորներ

Պայթում Պոլսոյ մէջ. Նախնական տուեալներով կան վիրաւորներ

Նուազագոյն չորս անձ  վիրաւորուած է, երկուշաբթի օր Պոլսոյ խանութներէն մէկուն մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Մայատին» կայանը, նշելով որ պայթումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ ելեկտրոնային սարքեր վաճառող խանութներէն մէկուն մէջ:

Տեղական աղբիւրներու հաղորդմամբ, պայթումի պատճառ հանդիսացած է ռումբ պարունակող՝ խանութ ուղարկուած տուփ մը: Աղբիւրները նաեւ ընդգծած են, որ վիրաւորներէն մէկուն վիճակը ծանր է: