image

Իսրայէլեան կործանիչներ յարձակում կատարած են Սուրիոյ բանակի դիրքերուն վրայ

Իսրայէլեան կործանիչներ յարձակում կատարած են Սուրիոյ բանակի դիրքերուն վրայ

Իսրայէլեան կործանիչներ գրոհներ կատարած են Սուրիոյ բանակի դիրքերու ուղղութեամբ: Լուրը կը փոխանցէ AFP գործակալութիւնը, որ նաեւ կը հաղորդէ, որ պայթումի մեծ ձայներ լսուած են Պէյրութ- Դամասկոս միջազգային մայրուղիին վրայ: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու կործանիչները թիրախ վերցուցած են Սուրիոյ բանակի պահեստանոց մը, ինչպէս նաեւ զինուորական շարասիւն մը վրայ: Իր կարգին VDL  կայանը փոխանցեց, որ թիրախ դարձած շարասիւնը զէնք կը փոխադրէր լիբանանեան «Հըզպալլա»ին: Մարդկային տոյժերու մասին լուրեր չեն հաղորդուիր: