image

Պաղտատի կեդրոնական շուկայի վրայ զոյգ յարձակումներ. Կայ 18 զոհ

Պաղտատի կեդրոնական շուկայի վրայ զոյգ յարձակումներ. Կայ 18 զոհ

Իրաքեան ոստիկանութեան հողորդմամբ, Պաղտատի շուկաներէն մէկուն վրայ զոյգ յարձակումներ գործուած են: Այս մասին կը նշէ LBC-ի կայքը, յայտնելով որ յարձակման ենթարկուած շուկան կը գտնուի քաղաքի կեդրոնը: Նրկայ տուեալներու համաձայն, յարձակումի հետեւանքով զոհուած է 18 հոգի եւ տասնեակներ՝ վիրաւորուած: Յարձակում գործող կողմի մասին ցարդ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: