image

Ռուսական Սու-24 տիպի օդանաւ մը կործանած. Օդանաւին ամբողջ անձնակազմը զոհուած է

Ռուսական  Սու-24   տիպի  օդանաւ մը կործանած. Օդանաւին ամբողջ  անձնակազմը   զոհուած է

Ռուսական  Սու-24  տիպի  կործանիչ մը  ջախջախուած է   Սուրիոյ մէջ:  Այս   մասին լուրը  փոխանցեց     լիբանանեան  MTV   կայանը: Աղբիւրը նշեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է  Լաթաքիոյ մերձ գտնուող «Հըմէմին»     օդակայանին մէջ եւ   օդանաւի   վերելք  կատարելէն անմիջապէս ետք:

Ըստ նախնական տուեալներու օդանաւին մէջ եղող   անձնակազմի բոլոր անդամները զոհուած են  եւ      դէպքը  եղած է  թէքնիք  խանգարումի մը հետեւանքով:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ եղող  ռուսական  խարիսխներէն  ետք «Հըմէմին»    զինուորական   օդակայանը կը համարուի  կարեւորագոյն զինուորական խարիսխ: