image
Հրատապ լուրեր:

Միւռոնօրհնէք Պիքֆայայի Մէջ. Արամ Ա. Պատգամեց ՝«Միւռոնը Մեր Եկեղեցւոյ Միութեան Ամուր Շաղախն Է»

Միւռոնօրհնէք  Պիքֆայայի Մէջ. Արամ  Ա. Պատգամեց ՝«Միւռոնը Մեր Եկեղեցւոյ Միութեան Ամուր Շաղախն Է»

 

 

 Լիբանան-   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մերձ գտնուող  տարածքին վրայ  երէկ  տեղի ունեցաւ  Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն: Նշենք,որ  Միւռոնօրհնէքը կը կատարուի   7 տարին անգամ մը:  Սոյն արարողութեան  հանդիսապետեց  եւ  Միւռնի  օրհնութիւնը կատարեց      Կիլիկեան Աթոոի գահակալ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ  Ա. Վեհափառ  Հայրապետը:Նշենք, որ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին   Սուրբ Էջմիածնի եւ Պոլսոյ  հայոց պատրիարքութեան  ներկայացուցիչներ:    Օրուան խորհուրդը փոխանցող  շարականներու եւ աղօթքներու լսումէն ետք  Միռոնի  կաթսային մօտեցուած է  Հին  Միւռոնը, Սուրբ Էջմիածնի Միւռոնը եւ  բալասան ու վարդ պարունակող    սպասները, որոնց մէջ եղող   միւռոնն ու նիւթերը   միախառնուած են նոր պատրաստուած Միւռոնին հետ: Ապա   ներկաներուն իր պատգամը տուած է   Արամ Ա. Վեհափար:  Կաթողիկոսարանի կայքէն  վերցնելով  Վեհափառ Հայրապետին Պատգամին  գլխաւոր բաժինները   կը ներկայացնենք ստորեւ՝   «Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը նախ ողջունած է  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի ու Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռներու Գահակալները, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը, աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած հոգեւոր պետերը, եկեղեցիներու ու միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ զանազան գաղութներէն ժամանած ուխտաւոր ժողովուրդը։ Խօսելով Սուրբ Միւռոնի մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Սրբալոյս Միւռոնը իւրայատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու ընդհանրապէս մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Սուրբ Միւռոնի դրոշմով հայ մանուկը աստուածային շնորհներով կը լեցուի եւ կը դառնայ հայ եկեղեցւոյ զաւակ։ Սուրբ Միւռոնի օծումով Աստուծոյ ու հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչուած հայ մարդը կը դառնայ նոր մարդ։ Սուրբ Միւռոնի ներկայութեամբ ապականութիւնը կը հեռանայ մեր կեանքէն ու սրբութեան շղարշով կը ծածկուի մեր կեանքը։ Սուրբ Միւռոնի հեղումով հաւատքի զէնքով, յոյսի վահանով ու սիրոյ ուժով զինուած կը դիմագրաւենք կեանքի ամէն տեսակ չարերն ու չարիքները։ Այս համոզումով մեր ժողովուրդը ջերմ հաւատքով ու խոր երկիւղածութեամբ մօտեցած է Միւռոնին: Պատմութեան խաւարին դիմաց մեր կեանքը լոյսի ու յոյսի ճառագայթներով պայծառակերպեց Սուրբ Միւռոնը։ Պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց երկնային խաղաղութեան աւետիսը բերաւ Սուրբ Միւռոնը։ Հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը անքակտելիօրէն շաղախուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ. քալեց հայ կեանքի տառապալից ճամբաներէն, նոյնացաւ հայու էութեան հետ, ձգտումներուն ու երազներուն հետ, դառնալով հայո՛ւ Միւռոն։ Սուրբ Միւռոնով դրոշմուեցաւ հայը, անով ստացաւ իր քրիստոնեայ հայու անունը, այլ խօսքով՝ իր հարազատ ինքնութիւնն ու իւրայատուկ դիմագիծը, ապրելու, պայքարելու ու ստեղծագործելու հաւատքն ու կամքը»։Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Միւռոնը նկատեց «Մեր եկեղեցւոյ միութեան ամուր շաղախը. այս խոր գիտակցութեամբ է որ Կաթողիկոսական երկու Աթոռներու Միւռոնները օրհնութեան ժամանակ իրարու կը խառնուին, դառնալով նոյն եւ մէկ եկեղեցւոյ նոյն Միւռոնը»։  Արամ Ա.  իր պատգամին մէջ նաեւ  շեշտած է,  թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցող ներկայ Միւռոնի օրհնութիւնը յատուկ կարեւորութիւն մը ունի, «Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ իրենց քրիստոնէական հաւատքը խորացնելու, սէրը ամրապնդելու ու պահանջատիրական կամքը պրկելու։ Սրբալոյս Միւռոնին օրհնութիւնը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը Միւռոնի հոգեւոր զօրութեամբ թրծելու»։