image

Տէմի Մուրի Տան Մէջ 21 Տարեկան Երիտասարդի Դիակ Յայտնաբերուած (Լուսանկար)

Տէմի Մուրի Տան Մէջ   21  Տարեկան  Երիտասարդի Դիակ Յայտնաբերուած (Լուսանկար)

 Միացեալ  Նահանգներ- Ամերիկացի անուանի դերասան  Տէմիր Մուրի ( 52 տարեկան) տան մէջ    երիտասարդի մը  դին  յայտնաբերուած է:     Այս մասին հաղորդող աղբիւրները կը յայտնեն, որ  դիակը յայտնաբերուած է երէկ (կիրակի)   Մուրի  Լոս Անճելոսի մէջ  գտնուող  տան լողաւազանին  մէջ: Կ'ենթադրուի, որ    մահացած  երիտասարդը   եղած է Մուրի տան մէջ  Շաբաթ օր կազմակերպուած երեկոյթին:  Դէպքին շուրջ  ոստիկանութիւնը  քննութիւն բացած է: Մուր, որ լուրը ստացած պահուն կը գտնուէր Նիւ  Եորք յայտնած է, որ  «շոք»ի մէջ  եւ ցաւակցութիւն  յայտնած է  Էտէնիլսոն Սթիվըն Վայլի (  21 տարեկան) հարազատներուն: