image
Հրատապ լուրեր:

Երբ թաղերը դիմագիծ կը փոխեն (Բ մաս). Լեւոն Շառոյեան

Երբ թաղերը  դիմագիծ կը փոխեն (Բ մաս). Լեւոն Շառոյեան

Թիլէլի տխուր եւ այլափոխուած դիմագիծը կը շարունակուի իր երկրորդ հատուածին մէջ եւս։

Այս հատուածը կը սկսի Ֆարհաթ հրապարակի մուտքի անկիւնադարձէն եւ ուղիղ գիծով կը շարունակուի մինչեւ «Հրշէջներու պողոտայ»ին սկիզբը։

Հատուածին հայկական ներկայութեան մասնաւոր փայլք մը կու տային Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանն ու մայր եկեղեցին, որոնք տրոփող սիրտը կը կազմէին համայնքին։ Պատերազմը տակնուվրայ ըրաւ ամէն ինչ։ Եկեղեցին թիրախ դարձաւ հրթիռներու, մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ, փակեց իր դռները։ Իսկ առաջնորդարանն ու անոր կից գտնուող Ս. Գրիգոր միջնակարգ վարժարանը ժամանակաւոր կերպով տեղափոխուեցան այլուր…։

Հիմա վերանորոգութեան ու շինարարութեան փուլի մը մէջ են այս բոլորը, առանց որ յաւակնին վճռորոշ դեր մը ունենալ Թիլէլի հայկական դիմագիծին վերականգնումին մէջ։ Ատիկա անհնար կը թուի։

Ամբողջ Թիլէլը, մէկ ծայրէն միւսը, մանրավաճառներու բոյն մը դարձեր է։ Շլացուցիչ ըլլալու չափ առատ ապրանք կը յորդի մայթերու վրայ բացուած սեղանիկներէն ու խանութներէն։ Բայց շուրջբոլորը հայ չկայ։ Հայերէն տառերով գրուած ցուցանակներ մի՛ փնտռէք այլեւս։ Թերեւս միակ բացառութիւնը, որ աչքի կը զարնէ այստեղ, գորգավաճառ Արոյեանին երկփեղկ խանութն է։ «Յակոբ Արոյեան եւ որդի»։ Դեղագործ Գրիգոր Արոյեան կը շարունակէ հաւատարմօրէն բանեցնել իր հօր պատմական խանութը ու ապրեցնել հինէն ժառանգուած թանկագին աւանդ մը։ Միւսները չկան։ Ո՛չ ատամնաբոյժ Նուպար Աճոյեանը, ո՛չ տոքթ. Մանուէլ Իսկէնտէրեանը, ո՛չ տոքթ. Ալեքսանտր Սիւլահեանը, ո՛չ հայ ոսկերիչները, ո՛չ ալ ուրիշ հայ վաճառատուներ։ Գաղթեր են բոլորն ալ։

Ու երբ կը հասնիմ Թիլէլի վերջաւորութեան, կը կանգնիմ քաղցրաւենիքի երբեմնի «Խուտարի» վաճառատան մայթին վրայ ու տխո՜ւր հայեացքով մը կը դիտեմ դիմացի շէնքերը, աջ ու ձախ, որոնք դեռ կը կրեն պատերազմին հետքերը։ Չեմ ուզեր նայիլ դէպի Ճիտէյտէ առաջնորդող փողոցին, որովհետեւ քաջ գիտեմ՝ թէ ամբողջովին քարուքանդ է ատիկա։ Կը նայիմ հակառակ ուղղութեամբ։ Ի զո՜ւր կը փնտռեմ Ֆօթօ Հայկին ցուցանակը։ Ա՛յդ ալ քակուեր է ու չքացեր։ Թաղամասին խորհրդանիշն է որ սրբուեր է կարծէք։ Շուրջ վաթսուն տարի, մինչեւ իր խոր ծերութիւնն ու մահը (նուազ քան տարի մը առաջ), Հայկ Աւետիսեան կրցեր էր ապրեցնել տիպար ու առաջնակարգ լուսանկարչատուն մը, որուն պատերէն մեզի կը ժպտէին ի՜նչ-ի՜նչ մտերիմ դիմանկարներ։

Կային ու չկա՛ն…


Լեւոն  Շառոյեան

 Հալէպ

 

Նիւթի առաջին մասը՝ հոս