image
Հրատապ լուրեր:

Այս անգամ գոյժը Հալէպէն չէ.. այլ Գանատայէն. Ոչ եւս է մեր սիրելի «Ա Շ Ը Ք» ը՝ Յակոբ Աշգեանը

Այս անգամ գոյժը Հալէպէն չէ.. այլ Գանատայէն. Ոչ եւս է մեր սիրելի «Ա Շ Ը Ք» ը՝ Յակոբ Աշգեանը

Մէկ տարի առաջ, Գանատայի մէջ իր մահականցուն կնքանծ էր Յակոբ Աշըգեան: Այս առթիւ կը վերահրատարակենք հալէպահայ հասարակական գործիչ Մաթիկ Էպլիղաթեանի այդ առթիւ կատարած գրառումը:

 

 

Մաթիկ Էպլիղաթեան

Այս անգամ գոյժը Հալեպէն չէ ... այլ Գանատայէն, ոչ եւս է մեր սիրելի «Ա Շ Ը Ք» ը, Յակոբ Աշգեանը մեր անզուգական եւ աննման ընկերը, ընկեր բառին հարազատ բացատրութիւնը կարելի էր գտնել Յակոբին մէջ, բարի, առաքինի, հաւատարիմ, երախտագէտ, ծառայասէր, անկաշառ, պարկեշտ, ուղղամիտ, ընկերասէր, առաքինութիւններ որ հաւաքաբար քիչ անձեր կրնան մեկտեղել իրենց նկարագրի գանձարանին մէջ:

Իր անձնական կեանքը ոսկի մետալին միւս երեսն էր, արհեստաւոր, ստեղծագործ, բծախնդիր, աշխատասէր, գործատեղիի երեք խարատի տարբեր տեսակ գործիքներ միաժամանակ մինակը կը բանեցնէր, կեանքի պայքարը մղեց առանց շունջ քաշելու: Հազիւ թէ ոտքի կանգնած էր, դէպքերը սկսան, ամենօրեայ ներկայութիւն էր, պահակութեան գործին մէջ:

Ճալաաի շրջանին մէջ նոր տունը անապահով ըլլալով եւ Արգուպի գործատեղին կռիւի տաք գօտիին մէջ գտնուելուն պատճառով, հացի խնդիրը զինք տարաւ Պէյրութ շրջան մը ետք Գանատա՝ Մոնրէալ, ապա Թորոնթօ, ուր ինկաւ աշխատանքի պահուն եւ մահացաւ սրտի կաթուածով:

Կանուխ էր Յակոբ ... շատ կանուխ տակաւին զիրար տեսնելու երազներ ունէինք, «Ապու Գոգօ»ով երբ խօսէիր հետս, այնքան անուշ կը հնչէր ականջիս, հիմա կրկին կը լսեմ ձայնդ անդենականէն, ուշ կամ կանուխ պիտի հանդիպինք սիրելի եւ աննման ընկերս ԱՇԸՔ:

 

6 Յուլիս 2017