image
Հրատապ լուրեր:

Տակաւին շատ մը քրիստոնեաներ, կը հաւատան երկրաւոր կեանքին.

Տակաւին շատ մը քրիստոնեաներ,  կը հաւատան երկրաւոր կեանքին.

Աւետարանները մանրամասնօրէն կը պատմեն թէ Յիսուս հակառակ որ զատեց ամէնէն համեստ և խոնարհ միջոցըԵրուսաղէմ մտնելու ՛ընտրելով էշ մը -փոխանակ արաբական նժոյգի մը - ժողովուրդը փութաց իր ետեւէն զգեստներով զարդարելու էշն ու ճամբան և արմաւենիի և ձիթենիի ճիւղերով դիմաւորելու և գոչելու-«Ովսաննա օրհնեալ որ գայ թագաւորդ յանուն Տեառն»---1

Կ՛ողջունէին  «խոստացուած ՄԵՍԻԱՆ» որ պիտի գար և փրկէր զիրենք Հռոմայեցի բռնակալներու ձեռքէն ...

որքան դաժան եղաւ անոնց յուսախաբութիւնը երբ իմացան Յիսուսի բերնէն որ իր թագաւորութիւնը այս երկրի համար չէ,կայ շատ աւելի էական թագաւորութիւն մը որ ԵՐԿԻՆՔՆ է և որուն համար ինք եկած է...

... և այս միեւնոյն «ովսաննա» աղաղակող ամբոխը մի քանի օր ետք,Պիղատոսէն պիտի խնդրէր « թող խաչուի,թող խաչուի ուրեմն» ...և Յիսուս խաչուեցաւ-թաղուեցաւ և երեք օր վերջ Յարութիւն առաւ և միայն այն ատեն իրեն հաւատարիմները հասկցան թէ որն է Քրիստոսի խոստացած ճշմարիտ Արքայութիւնը։

Մարդկութեան ողբերգութիւնը այն է որ տակաւին շատ մը քրիստոնեաներ, երկրաւոր կեանքի ընթացքին կ՛ուզեն տեսնել և վայելել Մեսիայի թագաւորութիւնը ,առանց անցնելու ԽԱՉԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԷՆ - Յիսուսի քայլերու հետքերով։

Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան