image

Նոթր Տամի զոյգ աշտարակները Գանձասարին տարեկից են

Նոթր Տամի զոյգ աշտարակները Գանձասարին տարեկից են

 

Պատմաբան Արմէն Այվազեան  կը գրէ ՝

 

Պատմական կարեւոր զուգահեռ. Փարիզի Աստուածամօր տաճարի զոյգ աշտարակները մեր Գանձասարի գլխաւոր կառոյցի՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ տարեկիցն են։ Այս հայկական խաչագմբեթ եկեղեցին կառուցուած է 1216 - 1238 թուականներուն, օծուած է 1240 թուականին։ Նոթր-Տամի հիւսիսային աշտարակի շինարարութիւնը տեւած է 1200-1240 թթ., իսկ հարաւայինինը երկարած է եւս 10 տարի՝ աւարտելով 1250 թուականին։

Բոլոր առումներով օգտակար կ'ըլլար, եթէ, նշուած հանգամանքը նկատի ունենալով, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդը առանձին ուղերձ մը յղէր կաթոլիկ եկեղեցւոյ Փարիզի թեմի առաջնորդին՝ առաջարկելով իր բարոյական զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ վերականգնողական աշխատանքներուն որոշակի աջակցութիւնը։