image
Հրատապ լուրեր:

Կրկին ապտակի մը մասին. Գրեց՝ Սերոբ Սահակեան

Կրկին  ապտակի մը մասին. Գրեց՝ Սերոբ Սահակեան

Սաղիմահայ  օգտատէր Սերոբ Սահակեան կը գրէ.

 

Ամենապատիւ սրբազան պատրիարք հայր:

Թէեւ իրապէս  պիտի չուզէի դիմել սա ֆէյսպուքեան բեմին, թէեւ իրապէս գիտեմ,  թէ այս բեմն այնքանին ընդանուած ձեւն չէ հայր-զաւակ փոխյարաբերութեան։

Թէեւ գիտեմ թէ շատերն որոշ իմաստով պիտի հակակրին իմ այս մօտեցումին:

Այնուհետեւ նկատի առնելով վերջին հինգ տարիներու ընթացքն, երբ ոչ մի հարցի գծով կարելին եղաւ ունենալ գոնէ ձեր տասը վայրկեանը:

Նկատի առնելով որ ամէն փորձ՝ ձեզ մօտենալու բացառուեցաւ մինչեւ ոստիկանատան միջամտութիւնը։

Նկատի առնելով, որ  վերջին տարիներու ընթացքին շատ հարցերու  գծով իմ կողմմէ ուղարկուած միջնորդներն անգամ մերժուեցան:

Վերջապէս նկատի առնելով ինձ նմաններու  դիմաց ձեր  «փակ դռան»  քաղաքականութիւնը :

Կուգամ ստիպողաբար  այս  ձեւով ձեր ուշադրութեան յանձնել իրավիճակը,  իմ  եւ  ձեր նորանշանակ հոգեւոր պաշտօնեայի թարգման ըսուածի միջեւ երէկ կայացած անախորժ հանդիպման  մասին

Հանդիպումէն   հազիւ  վայրկեաններ անց  աթոռի «սրբակրօն»  միաբանը անմիջականօրէն մէջտեղ դրաւ ինձ շպրտելիք ապտակի մը սպառնալիքը:

Բարեբախտաբար այդ ապտակին չհասանք ու իր շուրջ գտնուող ու հանդիպման ականատես  միաբան  հայրերը  առկախեցին այդ  մէկը:

Այսուհանդերձ Սրբազան պատրիարք հա՛յր,

Նկատի առնելով  այս օրերուն  անպէտքի մը հասած ապտակի մը գծով սփիւռք- Հայաստան «խրախճանքը»:

Նկատի առնելով որ խնդրոյ առարկայ  անձը, ձեր  միաբանութեան  անդամներէն է, որն  արդէն    երրորդ անգամն  ըլլալով    թոյլ կու տայ   իր սքեմին անվայել արտայայտութիւն եւ  վերջապէս նկատի առնելով որ ձեր մօտ ալ բրտութիւն ըսուածն ուղղակի անթոյլատրելին է ու այդ գծով միայն ամիս առաջ կարգազուրկ հռչակեցիք երիտասարդ միաբան մը:

Վերջապէս որպէս նրբանկատ զաւակը այս աթոռին, պիտի խնդրէի որ այս  միաբանին  նկատմամբ ալ    խիստ կեցուածք  մը  դրսեւորէիք  եւ զինք սաստէիք։

Ի վերջոյ, ես  Սրբազան հայր,  ես  լաւ գիտեմ, թէ դուք ինչ վիճակի էք:

Ես լաւ գիտեմ, թէ դուք որքանին կարող  էք:

Ես լաւն գիտեմ ձեր դժուարութիւններն ու ձեր վերաբերմունքը:

Լաւ  գիտեմ թէ ովքեր են  ձեր  շուրջ ու ընդհանրապէս ովքեր են    մեր  խորաններու ծառաները:

Ես լաւն գիտեմ ,թէ եթէ չըլլար Տիրոջ նախախնամութիւնը  մենք հաւանաբար գտնուէինք շատ աւելին թէժ օրերու մէջ։

Այնուհետեւ կ՚ուզեմ հաւատալ որ դուք պիտի ուզէք ու կարողանաք կարգի բերել այդ  սքեմաւորը

Քանզի ես ըսեմ, ես չեմ հաշտուիր  այն մարդուն հետ,  թէկուզեւ  հոգեւորականի,  որ կը համարձակի իր հօր տարիքի որեւէ մարդու հանդէպ՛ այսպիսին խայտառակ ու լկտի վերաբերումք ունենալ:

Կը յուսամ սրբազան  այս  կարեւոր  քայլը կ՚առնէք քանզի,  այս  օրերուն  ապտակներու  գինը բաւականին սուղն է:

Կարող է նաեւ սուղ նստիլ մեր Աթոռին, իմ Աթոռին: