image
Հրատապ լուրեր:

ՍՈՒՐԲԸ. Գրեց ՝ Յակոբ Չոլաքեան

ՍՈՒՐԲԸ. Գրեց ՝ Յակոբ Չոլաքեան

Վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ բուռն վիճաբանութիւններ տեղի կ’ունենային փողոցներու վերանուանումի օրակարգի ընթացքին՝ Գրիգո՞ր Լուսաւորիչ, թէ Սո՞ւրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տարբերակներուն միջեւ ընտրութիւն կատարելու շուրջ:
Պարզ է, այսպիսի օրակարգը ծիծաղելի կը թուի շատերուս համար, Սուրբ թէ ոչ, Անակի որդի Գրիգորը մեր պատմութեան մեծագոյն լուսաւորիչն է:
..................................................................
1973-ին Ներսէս Շնորհալիի մահուան 800-ամեակին առթիւ հոս ու հոն ձեռնարկներ կը կատարուէին: Էջմիածնի մէջ եւս կար երեկոյթ մը՝ բանախօսութիւն, տաղերու կատարում, ասմունք: Այդ տեղեկութիւնը մեզի տուած էր Աղան աբեղայ Պալիոզեան, Երուսաղէմի ուխտէն. ան ամէն օր Էջմիածնէն Երեւան կու գար Համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ հայագիտական կարգ մը դասերու կանոնաւոր կերպով հետեւելու համար:
Կ’ուզէինք ներկայ ըլլալ: Ներսէս Շնորհալիէն կարդացած էինք ամէն ինչ որ կար, բայց մեզի՝ սփիւռքահայ ուսանողներուս համար ան աւելին էր քան մեծ գրող մը, չէ՞ որ դպրոցին մէջ մեր օրը կը սկսէր «Առաւօտ լուսոյ» երգով, դասը կը սկսէր «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս», եւ գիշերը կ’իջնէր «Պահապան ամենայնի» աղօթքներով: Մայրս «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթարանին 24 տուներն ալ գոց գիտէր:

Քանի մը սփիւռքահայ ուսանողներով ուշ երեկոյեան հասանք էջմիածին, մտանք սրահ, ուր ի զարմանս մեզի, աջակողմեան շարքի ծայրի աթոռին նստած էր գրաբարի մեր դասախօսը՝ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքին եւ տաղերուն արեւելահայերէնի վերածող Վազգէն Գէորգեանը: Սրահը կիսով մը լեցուն էր: Եկան նաեւ գրաբարի մեր միւս դասախօսներէն Խորէն Պալեանն ու տիկինը՝ հայ հոգեւոր երաժշտութեան խիզախ կատարող Լուսինէ Զաքարեանը: Ան քանի մը անգամ եկած էր լսարան՝ ամուսնոյն գրաբարի դասին ու մեզի՝ ուսանողներուս համար կատարած միջնադարեան նորայայտ տաղեր:

Առանց ընկերակիցներու, գլխաբաց, սովորական սքեմով ներս մտաւ նաեւ Վազգէն Ա. վեհափառը ու նստաւ կիսով մը պարապ առաջին շարքի ծայրի աթոռին, Վազգէն Գէորգեանի առջեւ:
Դասախօսը երիտասարդ եկեղեցական մըն էր, աբեղա՞յ թէ վարդապետ՝ չեմ գիտեր, սկսաւ կարդալ, Ներսէս Շնորհալի… Ներսէս Շնորհալի…Ներսէս Շնորհալի…: Հազիւ պարբերութիւն մը երկու կարդացած էր: Երբ անգամ մը եւս Ներսէս Շնորհալի անունը վանկարկեց, Վեհափառ հայրապետը, նստած, աձ ձեռքը բարձրացնելով, գրեթէ պոռաց.
- Ո՞ւր կը կարծես որ կը գտնուիս, պետական համալսարա՞ն, թէ ակադեմիա, այստեղ Ս. Էջմիածին է, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, որ սրբացուցած է հայ ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ այդ մեծ երախտաւորը, ան Սո՛ւրբ Ներսէս Շնորհալի է հայ եկեղեցւոյ համար, որուն ծառաներէն մէկն ալ դուն ես… Սո՛ւրբ Ներսէս Շնորհալի:

Վերջացուց: Շշմած ու սմքած էինք բոլորս, ոչ միայն դասախօսը, որ ինչպէ՛ս աւարտին հասցուց ելոյթը՝ չեմ գիտեր: Աւարտին, երբ Վեհափառը հեռացաւ, շատեր բարձրաձայն դժգոհութիւն յայտնեցին այդ կոպիտ միջամտութեան համար: Վազգէն Գէորգեանը նոյնպէս: Մենք նոյնպէս: Իրաւունք չունէր: Ինչպէ՞ս կարելի է խայտառակել երիտասարդ բանախօսը բեմի վրայ, հանդիսականներու ներկայութեան:

Տարիներ անցան, ու ամէն անգամ այս դէպքը յիշելուս՝ քիչ-քիչ արդարացի ու տեղին կատարուած ըլլալ կը կարծեմ Վեհափառին այս յանդիմանութիւնը. Հիմա՝ հարի՛ւր տոկոսով: Ո՞վ, ի վերջոյ ո՞վ, եթէ ոչ եկեղեցականը պիտի պահէր ու մեզի փոխանցէր մեր հոգեւոր արժէքներուն սրբազնագոյնը, անոնց սրբացուած, սո՛ւրբ ըլլալը; Վեհափառը այդ օր բացառիկ դաս մը տուած կ’ըլլար ոչ միայն բանասէրի հովերով նորելուկ եկեղեցականին, այլեւ բոլորիս, բո՛լորիս անխտիր:
Մարդիկ կը սրբացուին իրենց մահէն ետք միայն:
Հիմա Սուրբ է նաեւ ինք, Վազգէն Առաջինը:

 

 Նիւթը   քաղուած է  յայտնի մտաւորական եւ ուսուցիչ ՝ Յակոբ Չոլաքեանի    դիմատետրի էջէն։