image

Դանիէլ Վարուժանի դուստրը. Լուսանկարներ

Դանիէլ Վարուժանի դուստրը. Լուսանկարներ

Սեյրան Գրիգորեան-գրականագէտ

 

 

 

 

Տրամաթիք սիրավէպէն յետոյ Դանիէլ Վարուժանը 15 օգոստոս 1910 թուականին կ՛ամուսնայ իր երբեմնի աշակերտուհիին` Արաքսի Թաշճեանին հետ։

6 յունիս 1911 թուականին Բրգնիկի մէջ կը ծնի անոնց առաջին զաւակը, որուն կ՛անուանակոչեն Վերոնիքա։ Ճիշդ է, երիտասարդ հայրը կը սիրէր դստրիկին Վարուժնակ կոչել եւ յաջորդ տարի անոր ձօնած է «Վարուժնակիս» չքնաղ բանաստեղծութիւնը։ Այս բանաստեղծութեան մասին Յակոբ Օշականը կ՛ըսէ, թէ պէտք է կարդալ այն` հասկնալու համար, թէ ինչ է հայրութիւնը։

Հօր մահէն յետոյ Վերոնիքան մօր եւ երկու եղբայրներուն հետ հեռացած է Պոլսէն։ Որոշ ժամանակ սորված է Զուիցերիա, իսկ 1930-ականներուն ընտանիքին հետ հաստատուած է Նիւ Եորք։ Ամուսնացած է արուեստագէտ Ժոզէֆ Սաֆրասեանին հետ եւ մնացած ամբողջ կեանքը ապրած է Նիւ Եորք։

Մինչեւ հանգիստի կոչուիլը (1982) Վերոնիքա Վարուժան-Սաֆրասեանը աշխատած է Մանհաթընի «Rizzoli» եւ «Doubleday» աշխարհահռչակ գրախանութներուն մէջ։ Միշտ յիշած է իր հայկական ծագումը եւ մասնակցած է ամէն տարի 24 ապրիլին կազմակերպուող նիուեորքեան ցոյցերուն։ Ունեցած է մէկ դուստր` Ռոննի Սաֆրասեան (ծնած է 1944 թուականին, չճշդուած տուեալներով կը բնակի Լաս Վեկաս)։


 

 

 


․․․Մխիթարանքի պէս երկար տեւեց Վարուժանին երեք զաւակներուն կեանքը։ Աւագ որդին` Արմէնը, ապրեցաւ 83 տարի (մահացած եւ թաղուած է Հաւայեան կղզիներու Հոնոլուլու քաղաքը 1995 թ.)։ Փոքր որդին` հօր մահուան օրը Պոլսոյ մէջ ծնած Հայկը, 2002 թ. 87 տարեկանին վախճանեցաւ ու թաղուեցաւ Ֆրեզնօ։

 

 


 

Եւ դարձեալ հօր չապրած կեանքը Աստուած ամենաշատը բաշխեց սիրելի դստեր։ Դանիէլ Վարուժանին Վարուժնակը` Վերոնիքա Վարուժան-Սաֆրասեանը, ապրեցաւ մօտ 98 տարի։ Ան իր մահկանացուն կնքեց 25 փետրուար 2009 թուականին Նիւ Եորքի նահանգի Փարտիս (Purdys) քաղաքը։ Վերոնիքայի աճիւնն ամփոփուած է մերձակայ Մահոպակ քաղաքի գերեզմանատան մէջ։