image

Տէր Զօր…Տէր հզօր եւ յիշատակարաններու ճակատագիրը

Տէր Զօր…Տէր հզօր եւ յիշատակարաններու ճակատագիրը

Յակոբ Չոլաքեան

 

Համաշխարհային առաջին պատերազմէն անմիջապէս ետք Տէր Զօրի նախաեղեռնեան գաղութէն եւ տարագրութենէն հոն մնացած վերապրողները կը կատարեն որբահաւաքման ու հայահաւաքման մեծ ու սրբազան աշխատանք մը: Երբ տունդարձի ճամբաները կը փակուին՝ 1923-ին, կը կազմուի թաղական խորհուրդը, որ 1924-ին տուն մը կ՛օգտագործէ իբրեւ եկեղեցի եւ դպրոց:

 
1929 կը սկսի կառուցել իր սեփական շէնքերը; Ասոնց կ՛ընկերանան մեր բիւրաւոր նահատակներու անթաղ մնացած ոսկորներուն հաւաքումը: Կը կառուցուի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին, որուն մէջ, իբրեւ Նահատակաց Դամբարան ու Յիշատակարան, կ՛ամփոփուին նահատակաց ոսկորները, կը կառուցուի Նահատակաց վարժարանը, եւ իբր գերեզմանատուն կը պարսպապատուի այն գետինը, ուր հասարակաց փոսերու մէջ թաղուած էին նահատակներունմարմինները: Եկեղեցւոյ եւ դպրոցին բացումը կը կատարուի հոկտեմբեր 1931-ին:


Այս մասին կը պատմէ Այնթապի հայրենակցական միութեան յղուած Տէր Զօրի թաղական խորհուրդի 19 Սեպ. (1)933 թուակիր չորս էջանի մէկ նամակը, ուրկէ կը բերենք այդ բաժինը ինչպէս որ գրուած է:
-----------------------------------

«Աւելորդ է ըսել արդէն թէ մեզի համար շատ խոր վիշտ կը պատճառէր ընդհ. ջարդէն մինչեւ հիմա անթաղ մնացած եւ թէ՛ օտար եւ թէ՛ ալ տեղացի ժողովուրդին արգահատանքին միշտ ենթակայ մեր սիրելի հոգեհատորներու ոսկորներուն այսպէս ոտնակոխ ըլլալը:
Պէտք էր որ այս նահատակներու ոսկորներուն վրայ յիշատակարան մը շինել եւ իբր սրբավայր միշտ այցելել անոնց:
Ասկէ երեք տարի առաջ գործի ձեռնարկուեցաւ սակայն նկատելով տեղւոյս հայութեան տնտեսական դրութիւնը՝ դիմումներ կատարուեցան ուր որ պէտք էր:
Բարեբախտաբար առաջին անգամ ըլլալով Եգիպտոսէն տիար Բարսեղ Պալըգճեան երկու հարիւր յիսուն սթերլին յատկացուց եկեղեցւոյ համար. ժողովուրդը քաջալերուած սոյն նուիրատուութենէն՝ ձեռնարկեց գործի, տուաւ այն ինչ որ իր տալիքէն շատ մեծ էր. դրամով, աշխատանքով, իրեղէններով օգնեց եւ ահա ունեցանք սիրուն եկեղեցի մը յարակից դպրոց եւ դասարաններով, ընդարձակ բակ՝ կանաչ պարտէզով մը շրջապատուած:
Գերեզմանտուն ալ չունէինք: Մեր մեռելները թէեւ կը թաղէինք, սակայն միւս ազգերու պէս բաց անապատի մը մէջ ուր ընդհանուր տարագրութեան պահուն ամէն մէկ փոսին մէջ 30-40 հոգի մէկէն կը թաղէին: Դիմում կատարուեցաւ տեղական իշխանութեան մօտ, որ այն գետինը, ուր ժամանակին հայերը թաղուած են հազար հազարներով, հայերուն տրամադրուի իբր սեպհական գերեզմանատուն:
Կառավարութիւնը ընդառաջ երթալով մեր խնդրանքին՝ հաճեցաւ տրամադրել մեզ վեց հազար կանգուն գետին մը իբր գերեզմանատուն, որը արդէն շրջապատուած է նորաշէն պարիսպով:
Թէ եկեղեցւոյ եւ թէ գերեզմանատան ծախսը հասաւ ինը հարիւր օսմ. հնչուն ոսկւոյ գումարի մը:
Եկեղոցւոլ շինութեան աւարտելէն անմիջապէս վերջ ձեռնարկուեցաւ ոսկորներու հաւաքման, որոնք թաղուեցան եկեղեցւոյ շէնքին մէջ եւ վրան ալ կառուցուեցաւ խորան մը, ուր գիշեր-ցորեկ մշտավառ կանթեղ մը միշտ կը պլպլայ յիշեցնելով այն ահաւոր տանջանքները, որոնք ենթարկուեցան տարագրութեան պահուն:
Նմանապէս գերեզմանատան ճիշդ կեդրոնը կայ նաեւ կոյտ մը որուն ներքեւ գտնուած կմախքները անթուելի են եւ պէտք է որ անոնց վրայ ալ կառուցուի նման շէնք մը:

Վարժարանը ունի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններ, աշակերտութիւնը 90-100 հոգիէ կը բաղկանայ»:

---------------------------------------------
1977-ին ես այցելած եմ Տէր Զօր, որ արդէն գրեթէ հայաթափ էր: Դպրոցը չէր գործեր, եկեղեցին լքուած էր ու կ՛օգտագործուէր իբրեւ գոմ, Նահատակաց դամբարան-յիշատակարանը՝ սրբապղծուած: Ցնցիչ իրականութիւն էր:
1985-ին մենք՝ համայն հայութեամբ, մոռցած՝ նախկինին ճակատագիրը, հիմնակէքը կատարեցինք Տէր Զօրի Մեծ եղեռնի յուշահամալիրին, 1991-ին բացումը կատարեցինք: Հրաշալի համալիր մը, որ ահաբեկիչները ականահարեցին ու հիմա քարուքանդ է:
Այսպէս ըրած ենք միշտ, այդպէս եղած է աւարտը: Կրնայ կրկնուիլ այս պատմութիւնը: