image

Պոլսոյ մեր եկեղեցիներու զանգերը պիտի ղօղանջեն... բայց...

Պոլսոյ մեր եկեղեցիներու զանգերը պիտի ղօղանջեն... բայց...

 

Սագօ Արեան կը գրէ.

Այսօր առաւօտ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Ակօս» պարբերականը ուշագրաւ խմբագրական մը լոյս ընծայելով կարեւոր հարցումներ կու տայ։ Թերթը կը հարցնէ, թէ արդեօ՞ք քանի հոգի պիտի մասնակցի յառաջիկայ չորեքշաբթի օր տեղի ունենալիք ընտրութեան ու նաեւ արդեօ՞ք մասնակիցներու թիւը բաւարար պիտի ըլլայ, որպէսզի նորընտիր պատրիարքը կոչուի ազգընտիր պատրիարք։ «Ակօս» նաեւ մեծ տարակուսանքներով կը խօսի Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ հրապարակուած կանոնադրութեան մասին նշելով նաեւ, որ առաջին անգամն է, որ թրքահայ (ոչ պոլսաբնակ) եպիսկոպոսներուն դէմ յանիրաւի արգելքներ դրուած պիտի ըլլան։ Ըստ թերթին քիչ պիտի չըլլայ թիւն անոնց, որոնք այս մթնոլորտին մէջ պիտի խուսափին ընտրութեան քուէատուփ երթալու, նախ ընտրելու իրենց պատգամաւորները, որոնք ալ իրենց կարգին պիտի ընտրեն յաջորդ պատրիարքը։