image

«Նոր Պատրիարքը պիտի դառնայ բոլորին հայրը» Սահակ Սրբազան Միասնութեան կոչ ըրաւ

«Նոր Պատրիարքը պիտի դառնայ բոլորին հայրը» Սահակ  Սրբազան Միասնութեան  կոչ ըրաւ

 

Սագօ  Արեան  կը գրէ ՝

 

#ՊՈԼԻՍ Գրառում #11 Սահակ Սրբազան Միասնութեան կոչ ըրաւ։ Քիչ առաջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին Պոլսոյ Աթոռի Տեղապահ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեան իր ողջոյնի խօսքը յղեց Արամ արք. Աթէշեանին։ Սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ չորեքշաբթի օր կայացուելիք նիստը օրէնքի համար է, որովհետ այսօր (Կիրակի օր) Պոլսահայութիւնը արդէն իսկ որոշեց եւ ընտրեց իր Պատրիարքը։ Մաշալեան նաեւ ըսաւ, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օրէն ետք պատմութեան նոր էջ մը պիտի բացուի Պոլսահայոց կեանքին մէջ ու ընտրուած Պատրիարքը պիտի դառնայ բոլորի Պատրիարքը եւ բոլորի հայրը։ Յիշեցնենմ, որ իմ ունեցած նախնական տուեալներով Սահակ սրբազանին իրենց նեցուկը յայտնող պատգամաւորներուն թիւը բաւական մեծ տարբերութեամբ կը գերազանէ Աթէշեան Սրբազանին նեցուկ եղողներուն թիւը։ Հիմա թիւեր պիտի չտամ ու պիտի սպասենք, վաղը առաւօտ «Նախաձեռնարկ Մարմնի» յայտարարութիւններուն։#Պոլիսը կ՚ընտրէ Նոր Պատրիարք։