image

«Տակաւին ազատ չէ արձակուած» Համբիկ Սասունեանի մասին Շահէ Աճէմեանի գրառումը

«Տակաւին  ազատ  չէ   արձակուած» Համբիկ  Սասունեանի մասին  Շահէ  Աճէմեանի   գրառումը

Համբիկ Սասունեանը  տակաւին  ազատ  չէ արձակուած։ Այս մասին  դիմատետրի  էր էջին   գրառում  կատարած է  Համբիկ  Սասունեանի վաղեմի  ընկեր Շահէ Աճէմեանը։ «37 տարի 11 ամիս բանտարկութիւնէն   յետոյ  դատարանը ազատ արձակելու վճիռ կայացուց։ Սակայն  Գալիֆորնիոյ օրէնքով նահանգապետը ներում պետք է շնորհէ 90 օրուան  ընթացքին։ Ներկայիս թրքական իշխանութիւնները կատաղի պայքար  կը  մղեն  Համբիկի ազատութիւնը խոչընդոտելու համար, Հայ Դատի յանձնախումբն ալ  Ուաշինկթընի   մէջ  կը պայքարի  որպէսզի Սպիտակ տունը չխոչընդոտէ  Սասունեանի ազատութեան գործը։ Իսկ ես իմ ընկերոջը 38 տարի է  կը սպասեմ  սպասում եմ»,  գրած է    ազատամարտիկ Աճէմեանը։

 

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդագրութիւն   տարածուած  էր, որ Գալիֆոռնիոյ դատարանը բաւարարած  էր  1982 թուականին Լոս Անճելըսի   մէջ Թուրքիոյ գլխավոր հիւպատոսի  սպանութեան մեղադրանքով դատապարտուած Համբիկ Սասունեանի պայմանական-վաղաժամկէտ ազատ արձակման մասին միջնորդութիւնը: Դատախազներու  մեղադրական եզրակացութեան համաձայն՝ թուրք հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան դրդապատճառը եղած  է   Թուրքիայէն  Հայոց ցեղասպանութեան  վրէժը լուծելու ցանկութիւնը: