image

Պէյրութի ելեւմտական բարդ վիճակը կը շարունակուի

Պէյրութի ելեւմտական բարդ վիճակը կը շարունակուի

Սագօ Արեան

 

Լիբանան. Անորոշութիւնը եւ տոլարի մագլցումը կը շարունակուին

Լիբանանի մէջ քաղաքական անորոշութիւնը կը շարունակուի։ Խօսքը մասնաւորապէս վարչապետ Հասաան Տիապի օրինականութիւնը արաբական եւ արեւմտեան շրջանակներուն կողմէ կասկածի տակ առնելու երեւոյթին մասին է, որ կը դրսեւորուի շրջանային ուժերուն կողմէ կառավարութեան վարչապետը ընդունելու համեցման երեւոյթով։

Լիբանանեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ մինչեւ այս պահը, վարչապետ Հասսան Տիապ, հրաւէր ստացած է մի միայն Քաթարէն, բան մը որ աւելիով կը ծանրացնէ անոր ուսերուն եղած բեռը ու նաեւ ձեւով մը կը խափանէ վարչապետին կողմէ հնչած յայտարարութիւնները արաբական ծոց այցելելու վերաբերեալ։

Գաղտնիք ալ չէ, որ այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին մէջ Լիբանան կարիքն ունի արաբական աշխարհի տնտեսական-ելեւմտական նեցուկին ու մինչեւ այս պահը ոչ ծոցի երկիրները, ոչ ալ Սէուտական Արաբիան կարծես թէ պատրաստ են այդ նեցուկը ցոյց տալու։

Այս բոլորն անշուշտ կը կատարուին Պէյրութի մէջ ստեղծուած ելեւմտական անհասկնալի եւ նոյնքան բարդ դրութեան հետ համատեղ, երբ ամերիկեան տոլարը կը շարունակէ շուկաներէն պակսիլ ու նաեւ մեծ սղաճ գրանցել։

Օրինակի համար, մինչ անցեալ շաբաթ տոլարին սակը համեմատաբար «հանդարտ» ու կայուն ըլլալու պատկեր մը ցոյց կու տար, երէկ գլած – անցած էր 2500 լիբանանեան ոսկիի շէմը, մտահոգութեան եւ լարուածութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով ելեւմտական առանց անոր ալ ոչ հանդարտ շուկաներուն մէջ։

Ամէն պարագաի տակ, յառաջիկայ օրերը եւս նոյնքան կարեւոր են Լիբանանին համար, որովհետեւ Միջազգային Դրամատան ներկայացուցիչները Պէյրութ պիտի հասնին ու երկրի պատասխանատու մարմիններուն հետ քննարկեն ընդհանուր դրութիւնն ու երկիրը տագնապէն դուրս բերելու հնարաւոր միջոցաները։

Չմոռնանք, որ Միջազգային Դրամատունը «արաբական շուկա» մը չէ, եւ այդ կառոյցին կողմէ առաջարկուած որեւէ տնտեսական փաթեթ կամ լուծման առաջարկ ունի մեծ գին, որ պէտք է վճարուի լիբանանցի միջին խաւի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Սպասենք։