image

Պոլսահայ մեր հայրենակցուհի՝ Լիտա Քէօսէօղլուի նախաձեռնութիւնը. Շարական եւ աղօթք բոլոր հիւանդներուն

Պոլսահայ մեր հայրենակցուհի՝ Լիտա Քէօսէօղլուի նախաձեռնութիւնը. Շարական եւ աղօթք բոլոր հիւանդներուն

 

Գանատահայ Յարութիւն Դերձակեան կը գրէ ՝ 
«Համացանցի վրայ պատահաբար հանդիպեցայ Պոլսահայ յայտնի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլուի յայտագրին: «Քորոնա» ժահրի համաճարակի օրերուն ժողովուրդին հոգեկան մխիթարութիւն պատճառելու եւ միասնաբար աղօթելու նպատակով, Լիտա Քէօսէօղլու շաբաթը չորս օր՝ երկուշաբթի, երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ ուրբաթ, Պոլսոյ ժամով՝ երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Դիմատետրի եւ Ինսթակրամի իր էջին վրայ ունի մէկ ժամուայ յայտագիր մը, որ կը սփռուի համայն աշխարհին:

Երգչուհին նախ կը սկսի Տէրունական աղօթքով, ապա «Քորոնա» ժահրէն հիւանդացողներուն եւ մահացողներուն համար կարճ աղօթք մը կատարելէ ետք, յայտագրին կը սկսի իր բիւրեղեայ ու գեղեցիկ ձայնով: Ան առանց երաժշտութեան, աքափելլա ըլլալով հայ երգարուեստի ամէնէն սիրուած ժողովրդական երգերը կը մեկնաբանէ եւ կը զրուցէ իր էջին հետեւողներուն հետ:

Լիտա Քէօսէօղլու ծնած է 1978-ին, Իսթանպուլ: Նախակրթութիւնը ստացած է Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, յետոյ աւարտած է Էսաեան վարժարանի միջնակարգի եւ լիսէի բաժինները: 1992-ին մաս կազմած է Լուսաւորիչ երգչախումբին: Ձայնամարզութեան դասեր առած է Իսթանպուլի պետական երաժշտանոցի դասախօսներէն Մէլէք Չէլիքթաշէն, ատկէ ետք իրաւունք շահելով երկու տարի ուսանած է երաժշտանոցի մէջ: 2006 թուականին սկսած է աշխատիլ պետական օփէրայի յայտնի արուեստագէտներէն, վաստակաւոր սոփրանօ՝ Ալիս Մանուկեանի հետ: Մինչ այդ Լիտա Քէօսէօղլու, որպէս մենակատարուհի, մասնակցութիւն բերած է Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ կազմակերպուած բոլոր համերգներուն ու ձեռնարկներուն»:

Լիտա Քէօսէօղլուի յայտագիրը կարելի է դիտել հետեւեալ կայքէջէն՝

https://www.facebook.com/lida.koseoglu 

 


Նիւթը՝ «Նոր Մարմարա»էն