Սագօ Արեան
Կարեւոր զարգացում մը. Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթիի հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն։ Ճիշդ է, իշխող քաղաքական ուժին համար անլուծելի չէ այս հարցը, սակայն ուշագրաւ զարգացում է այն իմաստով, որ վերջին շրջանին Փարիզի կողմէ ի գործ դրուած ու դեռ ալ դրուելիք միջնորդական առաքելութիւնը կարծես թէ ջուրը ինկաւ։ Հասկնալ՝ օղակը աւելի պիտի սեղմուի Լիբանանի վրայ։
Աստուած պահապան Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն։