Սագօ Արեան
Լոյսի պէս աղջիկ... Կայա Ֆուտուլեանը Լիբանանի մէջ զոհուած հարիւրաւոր քաղաքացիներէն մէկն է։ Կայան արուեստի սիրահար էր եւ ան իր մօր հետ կը վարէր գեղանկարչական արուեստի ցուցասրահ մը։ Մահացած է Պէյրութի Էշրէֆիյէ շրջանին մէջ։ Բառեր չունիմ ... Լոյս իր սպիտակ հոգիին։