image

Իմ որդին անմահացաւ. Հայրը գրառում կատարած է իր հերոս որդիին մասին

Իմ որդին անմահացաւ. Հայրը գրառում կատարած է  իր  հերոս   որդիին մասին

 

Արտակ Յովհաննիսեան

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Իմ որդին՝ Ալպերթ Յովհաննիսեանը, որուն լուսանկարը այս օրերուն լայն տարածում գտաւ ամբողջ աշխարհին մէջ եւ հարազատ դարձաւ շատերուդ համար, անմահացաւ: Անչափելի ու անյատակ է իմ ու իմ ընտանիքի ցաւը:

Օրեր շարունակ իրմէ որեւէ տեղեկութիւն չունէինք, բայց շատերդ մեր ընտանիքին հետ էիք՝ ձեր ներկայութեամբ, խօսքով, աղօթքներով, բայց ... այլ բան կանխորոշուած էր:

Կոկորդս խեղդող արցունքներուն միջէն կ'ուզեմ խնդրել, որ բոլորիդ յիշողութիւններուն մէջ Ալպերթը մնայ յաւերժ երիտասարդ, անսահման լաւատես, չափազանց հայրենասէր, որ մեծ երազանքներ ու շատ ընելիքներ ունէր եւ որուն մեծագոյն սէրը Հայրենիքն էր:
Վիշտս ծանր է ու մեծ, բայց հպարտութիւնս աւելի մեծ է, որ հայրենասէր հայու, մերօրեայ իրական Հերոսի հայրն եմ: Կը գիտակցիմ՝ իմ Ալպերթը միայն իմ Հերոսը չէ, ան բոլորիս Հերոսն է, նաեւ ներկայ ու ապագայ սերունդներուն Հերոս հայու օրինակ, որ իր հերոս նախնիներուն ճամփան բռնեց եւ անմահացաւ...
Փա՛ռք մեր հերոսներուն: