image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի սպառազինութիւնը նախքան 27 սեպտեմբերին սկիզբ առած պատերազմը

Ատրպէյճանի սպառազինութիւնը նախքան 27 սեպտեմբերին սկիզբ առած պատերազմը

Վահագն  Մխոյեան


Մերոնք կը յայտնեն, որ այսօր ատրպէյճանական հերթական ուղղաթիռ ոչնչացուցած են ։

Նման հաղորդագրութիւններուն հետ կապուած անընդհատ կը հնչեն հարցեր, թէ «վերջը անոնք քանի՞ հատ ունէին»։

Կը պատասխանեմ։ Պատերազմը սկսելու պահուն, Ատրպէյճանի բոլոր ուժային կառոյցները ունեցած են ընդհանուր.-

77 հատ Մի-8/17 ուղղաթիռ

50 հատ Մի-24/35 ուղղաթիռ

առնուազն 23 հատ Լ-39 ուսումնամարտական օդանաւ

39 հատ Սու-25 գրոհիչ օդանաւ

14 հատ ՄիԳ-29 կործանիչ օդանաւ

Ընդհանուր 127 ուղղաթիռ ու 76 օդանաւ։ Հասկանալի է, որ ասոնց մէջ կ'ըլլային նաեւ որոշ քանակով անսարք, բայց ոչ շատ․ պատերազմին պատրաստուելու ժամանակ, հաւանաբար զրահամեքենաներու սարքաւորման աստիճանը մօտեցած է 90-95%-ին։

Այս ամէնուն պէտք է գումարել մօտ 100-ի չափ Ան-2, որոնց մէկ մասը, ինչպէս պարզուեցաւ, արպէյճանցիները վերածած են ԱԹՍ-ներու (չենք գիտեր, թէ քանի հատը)։

Հիմա ինչքա՞ն ենք այդ ամէնէն ոչնչացուցած։ Իրականութեան մէջ առարկայականօրէն բարդ է ըսելը։ Միշտ չէ, որ դիտարկում ընող զինուորը ի վիճակի է ստոյգ նոյնականացնել, թէ ինչ մեքենայ էր օդը։ Ուղղաթիռները իրարմէ հաստատ չի տարբերեր։ Լ-39-ը Սու-25-էն օդին մէջ, նոյնիսկ փորձուած աչքը կը դժուարանայ տարբերել։ Բացի այդ, միեւնոյն խոցման մասին միեւնոյն ժամանակ կարող են զեկուցել տարբեր դիրքերէն ու այդ կ'աւելցնէ սխալներու հաւանականութիւնը։

Բայց ամէն պարագային, ոչնչացնելու դեռ շատ բան կայ: