image

Թրամբ կը կատարէ՞ այդ «խենթութիւն»ը եւ կը հարուածէ՞ Իրանը

Թրամբ կը կատարէ՞ այդ «խենթութիւն»ը եւ կը հարուածէ՞ Իրանը

 

Վերջին ժամերուն քննարկման մեծ առիթ դարձած է Իսրայէլի Վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահույի Սէուտական Արաբիա կատարած գաղտնի այցը։
 Ի դէպ այդ մասին գրած են մէկէ աւելի իսրայէլացի յայտնի լրագրողներ, իսկ Նաթանիահու պատասխանելով հրապարակուած լուրին ճիշդ ըլլալուն մասին, ոչ հերքած, ոչ ալ ընդունած է տեղեկութիւնը։
 Գաղտնի այս այցին ներկայ եղած է ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Փոմփէո, որ այցէն ժամեր անց թվիթ մը կատարելով ըսած է թէ հանդիպում ունեցած է Սէուտցի գահաժառանգ՝ Մոհամմատ Պըն Սըլմանին հետ։
Բնականաբար մէկէ աւելի վերլուծումներ կան, այս այցի նպատակներուն շուրջ, սակայն իմ կարծիքով այցելութեան հիմնական նպատակը եղած է Իրանին արագ եւ անակնկալ հարուած մը տալու հնարաւորութիւնը, որուն մասին խօսած են ամերիկացի տարբեր ներ։
 Այդպիսի բան անշուշտ մեծ ռիսքեր կը պարունակէ, սակայն այդ բոլորը Թրամբին համար էական չեն, մանաւանդ, որ Թրամբի վարչամեքենային ամենաերեւալի գործիչ Մայք Փոմփէոն, նման շփումներով եւ նոյնիսկ արկածախնդրութիւններով կը հետապնդէ երկու մեծ նպատակ՝ Իսրայէլի «աչքը մտնել» եւ հայց ներկայացնել յառաջիկայի՝ 2024 թուականի ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն։
 Փոմփէոյի մասին տակաւին առիթ կըլլայ գրելու, բայց աւելի քան պարզ է, որ Իսրայէլ շատ հաստատ քայլերով իր վերջնական փուլին կը տանի հակա-իրանական արաբական դաշինք մը ձեւաւորելու դրոյթը, որ բաւականին վտանգաւոր կրնայ ըլլալ նոյնինքն սիւննի արաբներուն համար։
 Առկայ վիճակին հայկական պատուհանէն նայելով կրնամ ըսել մէկ բան. Իրանի դէմ ուղղուած ցանկացած գրոհ վնասաբեր է, ոչ միայն շրջանին այլ նաեւ Հայաստանին համար։
 Պէտք է ամէն ինչ ընել հայկական այս կեցուածքը տարածելու համար։ Ճիշդ է, որ Արցախեան պատերազմի ընթացքին Թեհրանը կրնար շատ աւելի դրական կեցուածք ունենալ մեր հանդէպ, սակայն ինչ խօսք, երբ մերոնք անճարակութիւնը կ՚ունենան Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպանատուն հիմնելու եւ ատով զուարճանալու հետեւանքները այս կ՚ըլլան։
 Ի դէպ եռակողմ հանդիպումը կայացած է Նաոմ քաղաքին մէջ, որ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ արդիականութեան խորհրդանիշ-քաղաք, բան մը նաեւ որ կը փաստագրէ Սէուտցի գահաժառանգին ամենակարեւոր թագաւորական թեկնածու դառնալու դրոյթը, որովհետեւ այդ քաղաքի հիմնադրման ու նաեւ Սէուտական Արաբիա 2030 նախագիծ- ծրագրի հիմնարար ձեռագիրը կը պատկանի Մոհամմէտ Պըն Սալման իշխանին: