image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ եղած շրջաններուն մէջ պայթումներ եւ ... զոհեր

Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ եղած շրջաններուն մէջ պայթումներ եւ ... զոհեր

Սագօ Արեան-լրագրողի էջէն կը կարդանք՝

Սուրիական հիւսիսային կարգ մը շրջաններուն մէջ պայթումներ որոտացած են։
Նախ «Ալ Պապ» քաղաքին ու ապա «Աֆրին» շրջանին մէջ գրանցուած են մեծ պայթումներ։
«Ալ Պապ»ի պարագային կը հաղորդուի, որ զոհերուն թիւը անցած է 25-ը, իսկ Աֆրինի մասին ցարդ տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Յիշեցնեմ, որ Աֆրինը, որ կը համարուէր Սուրիոյ քիւրտ ազգաբնակչութեան գլխաւոր քաղաքներէն մին, Անգարայի հովանաւորութեան տակ եղող ուժերուն ձեռքն անցած էր Յունուար 2018-ին։
Թուրքիա արար աշխարհի աչքերուն տակ կարողացած էր ռազմական երեք գործողութիւններ կատարել եւ իր դիրքը ամրապնդել Սուրիոյ հիւսիսային վեց շրջաններու մէջ, որոնց շարքին է նաեւ Ճարապլուս՝ հօրս ծննդավայր քաղաքը։
Ինչ կը վերաբերի պայթումներուն բնականաբար այս պայթումները կը կատարուին, որպէս վրէժ թրքական հովանաւորութիւնը վայելող զօրամիաւորումներուն դէմ։
Ասկէ առաջ ալ գրած եմ եւ այսօր ալ նոյնն է, այդ շրջանները հանգիստ պիտի չապրին այնքան ատեն, որ անոնք դուրս են Սուրիոյ օրինապահ բանակիեւ իշխանութեան տիրապետութենէն։