image
Հրատապ լուրեր:

Հպարտութիւն է ապրիլ հերոսներու կողքին,հերոսներու հետ

Հպարտութիւն է ապրիլ հերոսներու կողքին,հերոսներու հետ

Սագօ Արեան լրագրողի էջը 

 

Ես- Բարեւ, ուրկէ՞ ես, Դամասկոսէ՞ն:

 Խօսակիցս -Ոչ Հալէպէն:

 Ես- Հալէպը Դամասկոսի քոյրն է, չէ՞:

 Խօսակիցս- Կայ ատանկ բան:

Ես- Բայց աւելի ճիշդը «Հալապ ալ շահպաա» կ'ըսենք արծեմ:

Մեր ընկերը գլուխը կը շարժէ համաձայնութեան նշանով, իսկ ես կ՚անցնիմ նիւթին։

-Ընկեր ջան,   աւելի լաւ չէ՞ր, որ Դամասկոս մնայիր, լաւ դիրքի ալ կը հասնէիր ... հիմա տես մեր վիճակը, տես ուր հասանք։

Պատասխանը՝ ես շատ ուրախ եմ, կը սիրեմ հայրենիքս ու պատերազմին ալ գացի եւ պարտականութիւնս կատարեցի։

Չեմ խորանար նիւթին մէջ, միայն այն եզրակացութիւնն ունիմ, որ Աբրահամ Արծիւեանի նման տղաք, մեր բոլորին հպարտութիւնն են:

Անոնք են, որ հայրենիքը պաշտպանել գիտցան, անոնք են որ կռուեցան եւ անոնցմէ շատեր ալ նահատակուեցան։

Ինչքան անիմաստ կը դառնայ ամէն ինչ, այս հերոսներուն նուիրուածութեան առջեւ։

Աբրահամը, որուն երէկ ծանօթացայ, մարտնչած էր Արցախի մէջ ու իր մասին ալ հայրենի կայքերէն մին գրած էր։ Ուրիշ էր զգացումը, երբ հերոսին հետ կը շփուիս եւ ուրիշ է քաղաքը, որուն ամենալուռ կամ ամենալուսաւոր կէտերուն մէջ ապրող հերոսներ, իրենց բարի ժպիտով մեր կեանքը կը զարդարեն։

Հիմա դուն ըսէ սիրելի ընթերցող, այսքանը նկատելէ ետք կասկած ունի՞ս, որ աս ժողովուրդը ապրելու իրաւունք ունի՞։

Պաղեստինցի բանաստեղծին բառերը քիչիկ մը փոխելով պիտի գրեմ ...

Այո, այս հողին վրայ ապրելու եւ ապրեցնելու շատ պատճառներ կան ու այդ պատճառներուն գլխաւոր իմաստ տուողը, անոր ապրեցնող նահատակներն են, ու մեր հետ ապրող՝ Հերոսները։

Հասկացողին հազար բարեւ եւ պայծառ Կիրակի բոլորիդ։