Բօթ
Կայծակնահար ու արտասուալից աչքերով կը գրենք այս տողերը սիրելի՛ Յովիկ։
Մեր ուսուցիչ,
Մեր ընկեր,
Մեր բարեկամ,
Մեր հայրիկ:
Տասը տարիէ աւելի մեզի պարգեւեցիր անգին միութենական ու անձնական պահեր. դուն առատաձեռն, մեծ մտաւորական. դուն մի՛շտ երազող ու լաւատես, հակառակ բոլո՛ր տեսակի խոչընդոտներուն. դուն մի՛շտ ժպտուն ու կատակասէր. դուն որ մի՛շտ մեր քով կեցար, քաջալերեցիր ու ներշնչեցիր, իբրեւ իսկական նուիրեալ հայ մշակոյթի պահակ։
Ննջէ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ Յովիկ։
Յիշատակդ միշտ վառ կը մնայ։