image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ Պատրիարքարանին դիմաց վաղը բողոքի ցոյց պիտի կատարուի

Պոլսոյ Պատրիարքարանին դիմաց վաղը  բողոքի ցոյց պիտի  կատարուի

Պոլսոյ   Պատրիարքարանին  գլխաաւոր մուտքին դիմաց վաղը բողոքի հաւաք պիտի իրականացուի: Այս  մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Պոլսոյ  մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» օրաթերթը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ,  որ բողոքի հաւաքը   կազմակերպուած է  «Միտք»   խմբաւորման կողմէ:  Թերթը, որ  խօսած է   նախաձեռնութեան  կազմակերպիչներէն ՝ իրաւաբան Թադէոս Պէպէքին  հետ, նաեւ նղած է, թէ երթին մասնակիցները նախ  մոմավառութիւն պիտի կատարեն    Սուրբ Աստուածածին   աթոռանիստ եկեղեցւոյ առջեւ  ապա, որպէս բողոքի  նշան   սեւ ծաղկեպսակ մը պիտի զետեղեն  պատրիարքարանի   գլխաւոր մուտքին դիմաց: Թադէոս Պէպէք նաեւ  ըսած է, որ իրենց նպատակն է համայնքի ուշադրութիւնը  գրաւել եւ ցոյց տալ  դժգոհութիւն՝ Արամ Սրբազանի       որդեգրած  կեցուածքներուն եւ Էրտողանին ուղղուած  նամակին դէմ: