Երկու օրէ ի վեր թէժ մարտեր տեղի կ'ունեան Սայտայ քաղաքի «Այն Ալ հըլուէ» գաղթակայանին մէջ: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Էլ նաշրա» կայքը, գրելով նաեւ, որ այս առաւօտ կանուխ մարտերը դարձեալ սաստկացած են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ «Ֆաթհ» շարժումի զինեալներ վերջնագիր տուած են իսլամիստ Պիլալ Պատըրին ու անոր համախոհներուն՝ յառաջիկայ ժամերուն իրենց զէնքերը յանձնել:
Պիլալ Պատըր զինեալ խմբակը, որ կը հաշուէ շուրջ 50 զինեալներ օգնութեան կոչ ըրած է ռատիքալիստ այլ խմբաւորումներու յայտարարելով, որ հակառակ պաշարուած ըլլալուն իրենք վճռած են շարունակել մարտերը մինչեւ վերջ: Ըստ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանին այս առաւօտ հրթիռ մը ինկած է Սայտայի կառավարական հիւանդանոցին մօտ, որ կը գտնուի գաղթակայանին մօտ: Նշենք, որ երէկուընէ ի վեր սաստկացած մարտերուն հետեւնքով զոհուած են երկու զինեալներ եւ վիրաւորներուն թիւը անցած է 20-ը:
Յիշեցնենք, որ առաջին անգամը չէ, որ պաղեստինեան գաղթակայանի մը մէջ նման մարտեր կը գրանցուին: Խնդրին նրբութեան համար լիբանանեան բանակը ձեռնպահ կը մնայ եւ կը նախընտրէ չմիջամտել ներ- պաղեստինեան հարցերուն: