image
Հրատապ լուրեր:

«Հայրենիքէն դուրս մեր գոյութիւնը վտանգուած է» Վերապատուելի Վահան Թութիկեան

«Հայրենիքէն դուրս  մեր գոյութիւնը վտանգուած է» Վերապատուելի  Վահան Թութիկեան

«Հայրենասիրութիւնը փողով ու թմբուկով չէ. Տարիներ շարունակ, գաղտնաբար, Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն մարդիկ բերած ու հայացուցած են, որոնց վերջին ցայտուն օրինակը եղած է Հրանդ Տինքը», «Արեւելք»ին ըսաւ վերապատուելի Վահան Թութիկեան՝ անդրադառնալով համայնքի հայրենանուէր աշխատանքին:

Հերքելով համայնքի հասցէին վերագրուած անհիմն ամբաստանութիւնները, վերապատուելի Թութիկեան ցաւով նշեց, թէ «Հայաստանի մէջ, եղան անհիմն ամբաստանութիւններ մեր համայնքին նկատմամբ, զանազան պատճառներով: Ամբաստանութիւններ, որոնք, դժբախտաբար, հնչեցին եկեղեցականներու կամ մեր աշխատանքներուն անծանօթ մարդոց կողմէ», ան շեշտեց, որ Աւետարական համայնքը ժողովարան կամ աղանդ չէ:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հետ համայնքի յարաբերութիւններուն անդրադառնալով, Աւետարանական համայնքապետը մանրամասնեց, որ համայնքը ներկայիս հաղորդակցութեան մէջ է Էջմիածինի Մայր Աթոռին հետ: 

Աւետարանական համայնքի առաջնահերթութիւններու կարգին է հայրենիքը, «Մենք Հայաստան եկած ենք՝ ծառայելու եւ բարգաւաճելու այս հայրենիքը, որպէսզի ան ալ իր կարգին կարողանայ իր զաւակները պահել»,-ըսաւ  ան: Այստեղ, ըստ վերապատուելի Թութիկեանի, համայնքն ամէն գնով կ′աշխատի զօրացնելու իր ներկայութիւնը, օգնելու հայութեան: «Վերջին հաշուով, այս կտոր մը հողն է մեր ապագան:  հողը մեր ոտքին տակէն կը սահի Սփիւռքի մէջ, յատկապէս՝ Ամերիկայի կամ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Եթէ մեր գոյութիւնը պահած ենք, պատճառն այն է, որ միշտ Ամերիկա գաղթողներ եղած են, ամէն առիթի նոր արիւն, նոր աւիւն մը կայ: Սփիւռքը՝ ունայնութիւն է: Վերջ ի վերջոյ, պիտի կորսնցնենք մեր էութիւնը, պիտի աշխատինք մինչեւ այն ատեն, որ կարող ենք»:

Հայաստան կատարած այցի աւարտին հասնելով, վերապատուելի Թութիկեան շեշտեց, թէ «Ամէն անգամ, երբ Հայաստան կու գամ ինծի համար իսկական ապրում է: Այստեղ է մեր հայրենիքը, 3000-4000 տարիներու պատմութիւն է: Իւրաքանչիւր քար, իւրաքանչիւր վայր մեզի համար սիրելի է, պատմութիւններով լեցուն: Անշուշտ մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին, բայց գիտենք նաեւ, որ դժուարութիւններ կան եւ չենք վարանիր յայտնելու զանոնք: Այս երկիրը մենք դրախտի կրնանք վերածել, եթէ սփիւռքահայ բոլոր մեծահարուստներուն ուժերը  դէպի հոս կեդրոնանան»: Թութիկեան համոզուած է, որ նախկին Խորհրդային Միութեան ոչ մէկ հանրապետութիւն  Հայաստանի չափ    ուժեղ Սփիւռք ունի   եւ այնքան օգնութիւն կը ստանայ, որքան մեր երկիրը: Սակայն հայրենի իշխանութիւններն ալ պէտք է քաջալերեն Սփիւռքը: Բազմաթիւ միլիոնատէրներ պիտի գան այստեղ, գործ  պիտի ստեղծեն, որովհետեւ այստեղ է մեր փրկութիւնը:  

«Մեր գոյութեան վերջին գրաւականն ու խարիսխը հայրենիքն է:  Ճիշդ է, կատարեալ չէ բայց մենք ամէն ջանք պէտք է թափենք, որ այս կտոր մը հողը պահենք, զարգացնենք եւ մեր ապագան հոս կերտենք», իր խօսքը եզրափակեց «Արեւելք»ի զրուցակից, Աւետարանական համայնքի հովուապետ վերապատուելի Վահան Թութիկեան:

 

Ամբողջական զրոյցը յաջորդիւ: