image

Եթէ դրական նշաններ չըլլան, կրնամ հրաժարական տալ. Գարեգին արք. Պեքճեան

Եթէ դրական նշաններ չըլլան, կրնամ հրաժարական տալ. Գարեգին արք. Պեքճեան

Գերմանիոյ հայոց առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեան, որ ներկայս Գերմանիա կը գտնուի, «Հայ Ձայն»ին հետ զրոյցի ընթացքին, Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահի պաշտօնէն հրաժարելու մասին խօսք ընելով, յայտնած է.  «Նախքան տեղապահ ընտրուիլս չէի ենթադրեր, որ նման կացութեան առջեւ պիտի յայտնուիմ ու այսօր եթէ որոշ կողմերու կառավարական մարմիններուն հետ ըրած շփումները դրական արդիւնքներու չյանգին, ապա ես կրնամ իմ հրաժարականս տալ»:

Պոլսոյ Պատրիարքարան հաստատուելու մասին կայքի ուղղած հարցին, սրբազան հայրը ըսած է. «Ճիշդը ես ալ չեմ գիտեր, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ վիճակը բաւական խառն է», հաստատելով, որ այս «խնդրին ելքը կը գտնուի Թուրքիոյ կառավարութեան ձեռքը»:

Նորին սրբազնութեան փոխանցմամբ, ներկայիս  Պոլսոյ մէջ որոշ կողմեր, այս կապակցութեամբ կառավարական մարմիններուն հետ խօսակցութիւններու մէջ են:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ  յառաջիկայ շաբաթ Հայաստան պիտի ժամանէ եւ Մայր Աթոռի մէջ հանդիպում պիտի ունեայ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսին հետ: