image

Հարիւր տարի ետք Իզմիրի մէջ կրօնական արարողութիւն պիտի կատարուի

Հարիւր տարի  ետք  Իզմիրի մէջ  կրօնական արարողութիւն պիտի կատարուի

Ըստ «Տիհապէր»-ին ՝ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի, արարողութիւն մը կատարել, 14 Օգոստոսին, Իզմիր քաղաքի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս:

Յիշեցնենք որ 1922 թուականին  Իզմիր քաղաքի մէջ պատահած հրդեհէն ետք, երբ հայ համայնքը կորսնցուց պատմական հայկական մշակութային շէնքեր եւ եկեղեցիներ, հայ ժողովուրդը ոչ մէկ արարողութիւն  կատարեց քաղաքին մէջ:

Պատմաբան Կիզէն Գորտաթոս Սամիրա, այս վերականգնումի արարողութեան մասին տուած է բացատրութիւններ. «19-րդ եւ 20-րդ դարերուն, Իզմիր քաղաքը կը համարուէր դրախտ: Բնակիչները միայն թուրքեր չէին: Թուրքերէն բացի կային նաեւ յոյներ, հայեր, եւ լատիններ»: Ան բացայայտեց թէ Իզմիր քաղաքի հայ բնակիչները չենթարկուեցան 1915 թուականի տեղահանութեան: Սակայն՝ կարճ ժամանակ յետոյ, հայերուն մէծ մասը լքեց քաղաքը եւ փախաւ ուրիշ երկիրներ, մտահոգութիւններու, վտանգի ենթարկուելու հնարաւորութիւնէն եւ իրենց վրայ եղած ճնշումերէն ազատելու համար։

Սամիրա՝ յառաջիկայ օգոստոսի արարողութեան առումով շատ լաւատես է: Ան այս քայլը համարեց վերականգնումի փորձ։

Նշենք որ արարողութեան պիտի մասնակցին՝  Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Ոսկեբերան եկեղեցւոյ երգչախումբը, եւ հայ համայնքի անդամները: