Երէկ գիշեր, Հալէպի «Սէյֆ ալ Տաուլէ» թաղամասէն ուժեղ պայթումի ձայն լսուած է:
Ըստ բնակիչներուն՝ երկու հրթիռներ պայթած են թաղամասին մէջ:
Այս մասին տեղեկութիւն տուած է Հալէպի լուրեր փոխանցող դիմատետրի էջեր:
Ըստ աղբիւրներուն ՝ վնասուած են քանի մը շէնքեր:
Դէպքին հետեւանքով գրանցուած են վիրաւորներ,որոնց առողջական վիճակին մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: