image
Հրատապ լուրեր:

Երկու զաւակներու հայուհի մայրը դուրս դրուած է Հոլանտայէն. Երեխաներուն համար տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց

Երկու զաւակներու հայուհի մայրը դուրս դրուած է Հոլանտայէն.  Երեխաներուն համար տեղի ունեցած է  բողոքի  ցոյց

Ինը   տարիէի ի վեր Հոլանտա  բնակող   երկու  զաւակներու հայ   մայր մը  վտարուած է երկրէն:  Այս մասին լուրը կը փոխանցէ    «Նիլ թայմզ»  գործակալութիւնը: Աղբիւրը նոյնպէս կը յայտնէ, որ  երկրի  պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նման դէպք մը կը գրանցուի   յիշեցնելով, որ անչափահաս երեխաներ կը կոչուին  Յովիկ   (12 տարեկան)  եւ   Լիլի (11տարեկան):

  Աղբիւրին փոխանցմամբ  դէպքին  առթիւ  բողոքի   յայտարարութեամբ հանդէս   եկած է  Հոլանտայի երեխաներու պաշտպանութեան  մարմինը, որ դէպքը  դատապարտելէ բացի պետական մարմինները   պահանջած է յետս կոչել  առնուած  որոշումը,  որ  խախտում է մարդկային իրաւանց բոլոր  որոշումներուն:

 Երկրի դատական մարմինները   նոյն դէպքին առընթեր    հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են յայտնելով, որ  հայասատանցի   կնոջ    Հոլանտա  մնալը    անօրինական է եւ ան պէտք է  դուրս   դրուի երկրէն:Այդ մարմինը նաեւ հաւաստած է, որ           կինն ու երկու երեխաները  թուականէն  ի վեր կ'ապրէին Հոլանտա եւ պետական  մարմիններ    բազում անգամներ զգուշացուցած   են զանոնք, որ     կնոջ կեցութեան   փաստաթուղթերը  հակաօրինական են եւ ան  դուրս  պիտի դրուի երկրէն:

 

 Մինչ  երեխաներու գտնուած  վայրին մասին տեղեկութիւն չի փոխանցուի  աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ     երկրէն հեռացուած   մայրը  «տարուած  է»  Փարիզ, ուրկէ ալ պիտի մեկնի դէպի Հայաստան:

 

 Իր կարգին    հայորդիներուն  բնակած շրջանի   եկեղեցւոյ  պատասխանատուները  հաղորդած են, որ       Հոլանատայէն  դուրս եկած  հայուհին  ապահով է եւ ան կը    գտնուի  Հայաստան:

 

Կը  փոխանցուի նաեւ, որ երկու երեխաներու   յաճախած դպրոցի աշակերտները դէպքէն ետք բողոքի  հաւաք մը կատարած են յայտարարելով, որ եղածը  մարդկային իրաւանց կոպիտ խախտում է եւպահանջելով վերատեսութեան ենթարկել    երկու զաւակներու  մօր     Հոլանտայէն  հեռացուիլը: