image
Հրատապ լուրեր:

Տէր Զօր. Ազատութեան մէջ է հայազգի զինուոր Դրօ Մըղամէզը

Տէր  Զօր. Ազատութեան մէջ է հայազգի  զինուոր Դրօ Մըղամէզը

Սուրիոյ բանակի  հայազգի  զինուոր Դրօ Մըղամէզ  ազատութեան մէջ է:   Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն  ստացաւ    վերջինիս հարազատներէն: 

 

6  տարի  առաջ Սուրիոյ բանակին մէջ   ծառայութեան  սկսած  Դրօ   վերջին     երեք տարիներուն       սուրիացի հարիւրաւոր զինուորներու հետ պաշարման տակ կը մնար Տէր  Զօրի     բանակային զօրանոցի  մը մէջ:

Սուրիոյ բանակը      երէկ     յաջողած էր ճեղքել   «Տահէշ»  ահաբեկչական  խմբաւորման պաշարման  օղակը եւ ազատել   հարիւրաւոր  սուրիացի զինուորներ:

Դրօ Մըղամէզի մայրը        Տիկին  Մարի Մուղամէզ   Արթին աւելի  վաղ «Արեւելք»ի դիմատետրի  էջին  գրած էր իր որդւոյն մասին     յայտնելով, որ ան    6  տարիէի  ի վեր   կը ծառայէ Սուրիոյ բանակին մէջ   եւ վերջին  շրջանին  Տէր Զօրի մէջ  տիրող իրավիճակին պատճառով   Դրոյի  մասին  ոչ մէկ տեղեկութիւն կը ստանար:  

Տէր Զօրի  մէջ    կան  նաեւ   այլ   հայազգի զինուորներ, որոնց  ճակատագրին մասին  ցարդ   տեղեկութիւն չի փոխանցուիր: